image

Հառիճավանքը որպէս ատրպէյճանական ժառանգութիւն կը ներկայացուի. Արման Թաթոյեան

Հառիճավանքը որպէս ատրպէյճանական ժառանգութիւն կը ներկայացուի. Արման Թաթոյեան

Հայաստանի զաւթման ատրպէյճանական իշխանութեան ծրագիրն արդէն երկրորդ անգամ Հառիճավանքը կը ներկայացնէ որպէս ատրպէյճանական ժառանգութիւն։ Այս մասին գրած  է ՀՀ մարդու իրավունքների նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանը։

«Ատրպէյճանական իշխանական հեռուստաընկերութիւնը Հայաստանի Շիրակի մարզի Հառիճավանք վանական համալիրը պատմական փաստերի կեղծումով  ներկայացնում է,  որպէս «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մշակոյթի մաս։

Այս տեսանիւթին  մէջ Հառիճավանքը կը ներկայացուի՝ որպէս Ալպանական կրօնական, մշակութային ժառանգութիւն։ Ուր փորձեր կ’ըլլան հերքելու հայերու՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգ ըլլալու մասին գաղափարը։

Տեսանիւթը հայերու դէմ ռասիստական եւ թշնամանքի ատրպէյճանական պետական քարոզին  մաս կը կազմէ, որուն հետեւողական կեղծիքներու պատճառով կը ստեղծուի Հայաստանի  դէմ յարձակման  մթնոլորտ։

Հառիճավանքը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վանական համալիրներէն է, հիմնադրուած է վաղ միջնադարի  ժամանակ եւ պատմականօրեն եղած է ոչ միայն հայոց հոգեւոր կեդրոն, այլեւ կրթական եւ մշակութային կարեւոր օճախ»,- իր  գրառման մէջ ըսած է Արման Թաթոյեան: