Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը դեկտեմբեր 21-ին պիտի այցելէ Հայաստան, յայտնած է կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը։
Երեւանի մէջ ան հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Կը նախատեսուի քննարկել 2023-ի նոյեմբերին Մինսքի մէջ կայացած նստաշրջանի արդիւնքները։