image

Հանրայայտ բժիշկ Աբրահամ Եագուպեանի կորուստը (Լուսանկար)

  Հանրայայտ բժիշկ Աբրահամ Եագուպեանի կորուստը (Լուսանկար)

Հալէպէն տխուր լուր ստացանք։

 Մահացած է հանրայայտ եւ յարգուած բժիշկ ՝ Տօքթ. Աբրահամ Եագուպեանը։

Այս մասին տեղեկացանք Հալէպի մեր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, որ հանգուցեալը մահացած է  չարաղէտ հիւանդութեան պատճառով։ 

Կը նշուի, որ Տօքթ. Եագուպեան ծնած էր Լաթաքիա, նախնական կրթութիւնն ու երկրորդական բաժնի ուսումը ստանալէ ետք կը մեկնի մայր հայրենիք, ուրկէ ալ կը վկայուի, որպէս ատամնաբոյժ բժիշկ։ 

 Կը վերադառնայ Հալէպ եւ փայլուն գործունէութիւն կը ծաւալէ դառնալով յարգուած մէկ անձնաւորութիւնը հալէպահայ աւանդական գաղութին։

 Տօքթ. Եագուպեան իր բժշկական ասպարէզէն անդին եղած է նաեւ նուիրեալ միութենական ու ծառայած, որպէս ՀՄԸՄ-ական վարչական եւ պատասխանատու։

 Իր մասին մահագրական տեղեկանք տարածած է ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ էջը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝ 

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ վաստակաշատ երէց Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, Ծառայութեան շքանշանակիր եւ հաւատաւոր եղբայր

 Բժշկ.ԱԲՐԱՀԱՄ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ

 մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի , 23 Ապրիլ 2023-ին,  Հալէպի մէջ:

Եղբայր Աբրահամ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզիկ, Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ: Իր երկարամեայ ծառայութեան համար Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը զինք  պարգեւատրած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ծառայութեան Շքանշան»ով:

 Աւարտին նշենք, որ Աբրահամ Եագուպեանի   յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են այսօր  Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ալ հանգուցեալի մարմինը  տեղափոխուած  ու ամփոփուած է Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ։