image

«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուն Արամ Սարգսեանն է

«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուն Արամ Սարգսեանն է

«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ կողմնորոշուած է վարչապետի թեկնածուի ընտրութեան հարցով:

Կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանը դիմատետրի իր էջին յայտնած է, որ ինք պիտի ըլլայ վարչապետի թեկնածուն, որովհետեւ կը կարծէ, որ ՀՀ խորհրդարանին մէջ պէտք է ըլլայ ամբողջութեամբ արեւմտեան արժէքները պաշտպանող քաղաքական ուժ կամ ուժի ներկայացուցիչ:

9-րդ գումարման Ազգային ժողովի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան 7 յունիս 2026-ին: