image

Համայնքային բարձր հովանաւորութեամբ. Together կազմակերպութիւնը բացաւ իր դռները՝ Հալէպի մէջ (Լուսանկարներ)

Համայնքային բարձր հովանաւորութեամբ. Together կազմակերպութիւնը բացաւ իր դռները՝ Հալէպի մէջ (Լուսանկարներ)

Օրերս Together հաստատութիւնը, որ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ կեդրոններ ունի, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ ալ բացած է իր կեդրոնը` հովանաւորութեամբ հալէպահայ համայնքի երեք հոգեւոր պետերուն։

Այս մասին«Արեւելք»տեղեկացաւ համացանցէն:

Կիրակի, 28 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ հալէպահայ համայնքի երեք հոգեւոր պետերուն տեղի ունեցաւ է Together կազմակերպութեան Հալէպի կեդրոնի բացումը։

Բացման արարողութեան մասնակցած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Արաբ Աւետարանական Համայնքի պետ Իպրահիմ Նսէյր, քոյր համայնքներու, Սուրիոյ Խորհրդարանի, նահանգային խորհուրդի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Together հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ տիար Յակոբ Յակոբեան, ջերմապէս ընդունած է ներկաները, ծանօթացուցած նորակառոյց կեդրոնի բաժանմունքներուն: Ապա, շնորհակալութիւն յայտնած է համայնքապետներուն՝ իրենց ներկայութեան եւ մշտական գործակցութեան համար հաստատութեան աշխատանքներու ողջ ընթացքին:

Այս առիթով, համայնքապետները խօսք առնելով կարեւորած են հաստատութեան տարած գործունէութիւնը մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմի ծանր տարիներէն ետք: Անոնք շնորհաւորած են հաստատութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Յակոբեանը, եւ մաղթած որ ան Աստուծոյ շնորհքով շարունակէ իր ծառայութիւնը մատուցանել: 

Սրբազան Հօր աղի եւ ջուրի օրհնութեան կատարումէն ետք, համայնքապետները միասնաբար աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած օրհնութիւն եւ յաջողութիւն հայցած են հաստատութեան զանազան ծառայութիւններուն համար։

Աւարտին՝ համայնքապետները եւ ներկայ հիւրերը իրենց մաղթանքները արձանագրած են ոսկեմատեանին մէջ: Ապա, տեղի ունեցած է կարկանդակի հատում եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին ներկաները շնորհաւորած են անձնակազմը եւ յաջողութիւն մաղթած Together հաստատութեան գործունէութեան: