ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն մերձաւորարեւելեան հերթական շրջագայութիւնը աւարտած է Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններով: Սա անոր եօթներորդ այցն է տարածաշրջան անցեալ տարուան հոկտեմբերին Իսրայէլի վրայ «Համաս»-ի զինեալներու յարձակումէն ի վեր:
Երուսաղէմի մէջ Պլինքըն բանակցութիւններ վարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ, հանդիպած է նաեւ Իսրայէլի ընդդիմութեան առաջնորդ Եաիր Լափիտին։ Չորեքշաբթի Թէլ Աւիւի մէջ ԱՄՆ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպած է Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի հետ եւ յայտարարած.
«Մենք վճռական ենք՝ հասնելու հրադադարի, որ հնարաւորութիւն կու տայ գերիները տուն վերադարձնելու, եւ մենք հիմա այդ կ՚ընենք: Միակ պատճառը, որ չենք յաջողիր ատոր հասնիլ, «Համաս»-ն է»:
Թէլ Աւիւի մէջ Պլինքըն հանդիպած է նաեւ ցոյցի դուրս եկած գերիներու հարազատներու հետ։
Ըստ դիտորդներու՝ կողմերը հեռու են մէկ առանցքային հարցի շուրջ համաձայնութենէ՝ արդեօք պատերազմը պէ՞տք է աւարտի նոր գործարքի շրջածիրէն ներս:
Նաթանիահուի գրասենեակէն յայտնած են, որ վարչապետը մտադիր է Ռաֆահի մէջ ռազմական գործողութիւն սկսիլ՝ անկախ անկէ՝ հրադադարի մասին համաձայնագիր կը կնքուի՞, թէ՞ ոչ: