image

Հալէպի մէջ. Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին այցը՝ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի

Հալէպի մէջ. Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին այցը՝ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեան այցելութիւն մը կատարած է հալէպի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։

 Յիշեցնենք, որ Հալէպը հարուածած ծանր պատերազմի օրերուն մեծ վնասներ կրելէ ետք Սուրբ Գէորգ եկեղեցին ակամայ կերպով փակուած էր հաւատացեալներուն առջեւ, իսկ այս օրերուն եկեղեցին ամբողջական նորոգման աշխատանքներու տակ է եւ շուտով պիտի վերաբացուին անոր դռները։

 Ստորեւ «Արեւելք» կը ներկայացնէ այս առթիւ Հալէպի Առաջնորդարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը։

 

Ուրբաթ, 19 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան այցելութիւն տուաւ Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուր մօտէն հետեւեցաւ Կալուածոց Հոգաբարձութեան հսկողութեամբ կատարուող վերանորոգութեան աշխատանքներուն։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Կալուածոց Հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Կարպիս Մարաշլեանի կողմէ, ներկայութեամբ Նպաստից Մարմինի ներկայացուցիչ տիար Յարութ Հայրապետեանի եւ «SALT» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչին։

Սրբազան Հայրը մօտէն հետաքրքրուեցաւ երկրաշարժին հետեւանքով փուլուզումի վտանգի ենթարկուած պատին շինութեամբ, որ իրագործուեցաւ «SALT» հաստատութեան նիւթաբարոյական մասնակցութեամբ։

Սրբազան Հայրը շրջելով եկեղեցւոյ բաժինները եւ հետեւելով վերանորոգութեան աշխատանքներուն, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց, բարձր գնահատեց տարուող աշխատանքը եւ մաղթեց, որ մօտիկ ապագային Աստուծոյ կամքով վերանորոգութեան աշխատանքները իրենց լրումին հասնին։