image

Հալէպի երկրաշարժ. Պատանի Ալպէրը ՀԵԸ-ի պասքէթպոլի խումբի մարզիկ էր

 Հալէպի երկրաշարժ. Պատանի Ալպէրը ՀԵԸ-ի պասքէթպոլի խումբի մարզիկ էր

Աւելի վաղ նշած էինք, որ Հալէպը հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով երկու հայ զոհուած է։

Մայր եւ որդի՝ Միրնա եւ Ալպէր Թէնքէճեանը մնացած էին «Ազիզիյէ» հայաշատ շրջանին մէջ գտնուող շէնքի փլատակներուն տակ։ 

Կը նշուի նաեւ, որ Ալպէր Թէնէքէճեան Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Կիւլպէնկեան վարժարանի սան էր, ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի խումբի անդամներէն։

Հալէպի պատերազմի ծանր փուլերէն անցած եւ Հալէպէն չհեռացած մեր հայրենակիցները զոհ կը դառնային բնութեան աղէտին, որ վերջին տարիներուն պիտի համարուի մեծագոյնը Սուրիոյ պատմութեան մէջ։

Լուրը՝  «Արեւելք»ի