image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի երկրաշարժի հայ զոհերը. Միրնա եւ Ալպէր Թէնէքէճեան (Լուսանկար)

 Հալէպի երկրաշարժի  հայ զոհերը. Միրնա եւ Ալպէր Թէնէքէճեան (Լուսանկար)

 «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրէն իմացանք, որ այսօր լուսադէմին Հալէպի մէջ զգացուած երկրաշարժին զոհ գացած է երկու հայ՝ մայր եւ որդի Միրնա եւ Ալպէր-Նարեկ Թէնէքէճեանը։

Նախնական  տուեալներով անոնք մնացած են Հալէպի «Ազիզիյէ» շրջանի իրենց բնակարանի փլատակներուն տակ։

 

Կը նշուի նաեւ, որ Հալէպի մէջ զոհերուն թիւը ժամ առ ժամ կը շարունակէ բարձրանալ՝  պատերազմին հետեւանքով  մեծ վնասներու ենթարկուած շէնքերու փլուզման պատճառով։

Մինչեւ այս պահը   մասնաւորապէս Հալէպի մէջ  զոհերու թիւը հասած է 250-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 600-ի։