image

Հալէպէն Պոլիս փոխադրուած հայ ընտանիքին մէջ Սուրբ Մկրտութեան ուրախութիւն

 Հալէպէն Պոլիս փոխադրուած հայ ընտանիքին մէջ Սուրբ Մկրտութեան ուրախութիւն

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Պոլիս փոխադրուած Վարվարեաններու ընտանիքին մէջ Սուրբ Մկրտութեան ուրախութիւնը բաժնեկցած են։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլիսէն։

Կը նշուի նաեւ, որ իրենց ամուսնութիւնէն 15 տարի անց Տէր եւ Տիկին Փօլ եւ Տիանա Վարվարեանները, որոնք բախտաւորուած են  մանչ զաւակով մը՝ Կարօ-Քրիս, օրերս իրենց որդին ընծայած են Սուրբ Սեղանին եւ ձեռամբ Հայ Կաթողիկէ վարդապետ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի քրիստոնէական մկրտութեան արժանացած են։

 Կնքահօր եւ կնքամօր նուիրական պաշտօնը կատարած են Պոլսոյ հայ համայնքի յարգուած գործիչներէն՝ Տիար Արի Չոլաքն ու Տիկինը Միրնա Չոլաք։

Մեր հայրենակիցներուն ուրախութիւնը կիսելով ապահով ենք, որ Պոլսոյ մէջ  հասակ  առնող Կարօ-Քրիսը   պիտի ստանայ  հայեցի լիակատար դաստիարակութիւն։