image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպէն դրական լուրեր (Տեսանիւթ)

Հալէպէն դրական լուրեր (Տեսանիւթ)

Հալէպէն դրական լուրեր։ 

Այսօր առաւօտ դանդաղկոտ կերպով արթնցած Հալէպ քաղաքն արդէն սկսած է մտնել բնականոն հուն։

«Արեւելք»ին հասած տեղեկութիւնները այդ մասին կը խօսին։ Երեւելի է անշուշտ, որ Սուրիոյ իշխանական մամուլը  նոյնը կ՚ըսէ հաւաստելով, որ «Շէյխ Մաքսուտ» եւ «Աշրաֆիյէ» շրջանները   վերադարձած են պետութեան գիրկը ու այդ առումով եւս  այդ շրջանները պիտի ստանայ համապատասխան նեցուկ եւ ուշադրութիւն։

Հանդարտ են անշուշտ Հալէպի հայահոծ թաղամասերը, ուր ինչպէս նշեցինք կեանքը դանդաղօրէն կը վերադառնայ իր նախկին խաղաղ ու բնականոն հունին։

Նշենք նաեւ, որ ներկայացուցած  տեսանիւթը ստացած են  վաղ առաւօտուն, որուն մէջ Հալէպի «Արեւելք»ի վստահելի աղբիւրներէն մին  մեզի կը ներկայացնէ  հաստատուած խաղաղութեան առաջին նշոյելներն ու յոյսերը։

Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով։