image

Հալէպահայ ընտանիքը տեղափոխուած է սեփական բնակարան. «Ուղղակի խենթացանք ուրախութենէն» (Լուսանկար)

Հալէպահայ ընտանիքը տեղափոխուած է սեփական բնակարան. «Ուղղակի խենթացանք ուրախութենէն» (Լուսանկար)

«Արեւելք» տարբեր առիթներով անդրադարձած է Երեւան հաստատուած  սուրիահայ Պաղտասար եւ Թամար Սարգիսեաններու ընտանիքին եւ անոնց երեք երեխաներուն: Ընտանիքը Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած է ճիշդ երեք տարի առաջ: (Անոնց մասին «Արեւելքի» անդրադարձը կարդալ  այստեղ):

 


 

Երեւանի մէջ անոնք բնակած են վարձով, մի քանի տուն փոխած են, ունեցած են բազում առողջական եւ այլ խնդիրներ: Այս ընտանիքի կողքին կանգնած է բարերարուհի Նարինէ Դաւթեանը, որ իր ստեղծած «Օգնենք սիրիահայերին» ֆէյսպուքեան խումբի միջոցով տարբեր օգնութիւն, օժանդակութիւն ցուցաբերած է եւ կը շարունակէ ցուցաբերել ոչ միայն Սարգսեաններուն, այլեւ մի քանի այլ սուրիահայ ընտանիքներու: 

 Այս խումբի միջոցաւ Նարինէին եւ անոր գործին հաւատացող բազում մարդոց  յաջողուեցաւ թեթեւցնել պատերազմի սարսափներէն հայրենիք հանգրուանած մեր հայրենակիցներու որոշ հոգսեր, իսկ մասնաւորապէս Պաղտասար եւ Թամար Սարգիսեաններու համար ան գնած է բնակարան: Բնակարանը կրկին բարերարներու միջոցաւ նորոգուած ու կահաւորուած է: Օրերս այն յանձնուած է Սարգիսեաններուն:

Ինչպէս կը կարդանք խումբին մէջ այդ առթիւ կատարուած գրառումներէն, ընտանիքը շատ յուզուած է այս խոշոր նուիրատուութենէն, իսկ Թամար Սարգիսեանը ըսած է.  «Ուղղակի խենթացանք ուրախութենէն»: