Ողբրեգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնին մէջ: Shamshyan-ի հաղորդմամբ՝ մահացած է Սիւնիքի մարզի բնակիչ 2-ամեայ Գոռ Օ., որ փոխադրուած էր բժշկական կեդրոն Սիւնիքի մարզէն բազմաթիւ վնասուածքներով ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:
Ըստ աղբիւրին՝ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Սիսիանի բաժին ահազանգ ստացուած է քաղաքացիի մը կողմէ, որ յայտնած է, որ ինք անցորդ է ու ճանապարհի երթեւեկելի հատուածին տեսած է երեխայ մը ինկած վիճակի մէջ:
Տեղւոյն վրայ պարզուած է, որ երեխան Սիւնիքի մարզի գիւղերէն մէկուն բնակիչ 2-ամեայ Գոռ Օ.-ն է, որ իր պապիկի՝ 63-ամեայ Ալեքսանդր Մ.-ի հսկողութենէն դուրս մնալով, դուրս ելած է տունէն ու յայտնուած Լծեն բնակավայրի վարչական տարածքը գտնուող «Յուշարձանի ժայռ» կոչուող վայրը, ուրկէ մօտ 35-40 մեթր բարձրութնէն վար ինկած է Լծեն-Մեղրի ճանապարհի եզրամասի հողաշերտին վրայ ու ստացած մարմնական տարբեր աստիճանի վնասուածքներ:
Դէպքի փաստով Սիւնիքի մարզային քննչական վարչութեան Սիսիանի քննչական բաժինը նախաձեռնած է քրէական վարոյթ: Ոստիկաններն ու քննիչները դէպքի վայրը յայտնաբերած են արեան հետքեր եւ երեխայի կօշիկը: