image
Հրատապ լուրեր:

Գորիս-Կապան ճանապարհին վրայ ատրպէյճանցիներու լկտի պահուածքը (Տեսանիւթ)

Գորիս-Կապան ճանապարհին վրայ ատրպէյճանցիներու լկտի պահուածքը (Տեսանիւթ)

Գորիս-Կապան ճանապարհին տեղակայուած ատրպէյճանական ուժերը կանգնեցուցած եւ ստուգած են երեխաներ տեղափոխող հայկական փոխադրակառքը, որուն մէջ կար 25 երեխայ, ուղեկցող մեծահասակներ եւ վարորդը։ 

Գորիսի քաղաքապետի տեղակալ Կարօ Քոչարեան ըսած է. «Լկտի պահուածքով կանգնեցուցած են, երեխաները իջեցուցած են գոռգոռոցներով, փոխադրակառքը ստուգած են։ Այդ ժամանակ ռուս խաղապահները եկած են, նստեցուցած են երեխաները եւ անոնց ուղեկցած», նշելով որ երեխաները վախցած էին։

Քոչարեան ըսաւ, որ ատրպէյճանցիները պոկած են փոխադրակառքին վրայ փակցուած Արցախի «Տատիկ-Պապիկ» յուշարձանին նշանը, դրօշակը։