Նախնական ընտրութիւններու արդիւնքներու համաձայն Գիւմրիի քաղաքապետի պաշտօնակատար պիտի նշանակուի Սարիկ Մինասեանը. ան ստացած է 253 ձայն:
Յիշեցնենք, որ Գիւմրիի քաղաքապետի պաշտօնակատարի 7 թեկնածուներն էին Շիրակի նախկին մարզպետի խորհրդական Լեւոն Անանեանը, Ազգային ժողովի ՔՊ-ական պատգամաւորներ Դաւիթ Առուշանեանն ու Կարէն Սարուխանեանը, ՔՊ աւագանիի անդամ Շաւարշ Արամեանը, Գիւմրիի նախկին փոխքաղաքապետ Վահագն Մկրտչեանը, ՔՊ երիտասարդական միութեան Գիւմրիի համակարգող Էմմա Բարսեղեանը, Միասնական ընկերային ծառայութեան Գիւմրիի ստորաբաժանման պետ Սարիկ Մինասեանը:
Լեւոն Անանեանը ստացած է՝ 91, Դաւիթ Առուշանեանը՝ 220, Շաւարշ Արամեանը՝ 88, Էմմա Բարսեղեանը՝ 113, Սարիկ Մինասեանը՝ 253, Վահագն Մկրտչեանը՝ 138, Կարէն Սարուխանեանը՝ 143 ձայն: