image

Գիրքի մասին ակնարկ. «Down With The System»` Սերժ Թանգեանի գրչով

Գիրքի մասին  ակնարկ. «Down With The System»` Սերժ Թանգեանի գրչով

Երաժշտութեամբ, արդարութեան համար պայքարով եւ անձնական պատմութիւններով հետաքրքրուող ընթերցողներուն համար, ինչպէս նաեւ «System of a Down» խումբի սիրահարներուն համար «Down with the System»-ը կարեւոր ընթերցում է: Գիրքը պարզապէս ռոք աստղի պատմութիւնը չէ, այլ` խոր պատում մը, որ կը հիւսէ գաղթականի մը ուղեւորութիւնը, «ակտիվիստ»-ի մանիֆեստը եւ խորապէս անձնական խորհրդածութիւն մը` ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին: Սերժ Թանգեանի ինքնակենսագրութիւնը վկայութիւն մըն է կեանքի մը, որ ապրուած է կիրքով, նպատակով եւ անսասան նուիրումով` արդարութեան: Գիրքը մտերմիկ եւ մտածուած ուսումնասիրութիւն մըն է իր կեանքի ուղեւորութեան մասին` սկսելով Պէյրութի վրայ ինկող ռումբերէն մինչեւ «System of a Down»-ի համաշխարհային բեմերը եւ անդին:

 

 

 

Սերժ Թանգեանի ինքնակենսագրութիւնը` «Down with the System»-ը («Համակարգին տապալումը»), անձնական ու ընտանեկան յուշերու, նշանաւոր ռոք խումբի մը նուաճումներու ու դժուարութիւններու եւ արդարատենչ հայու մը ընկերաքաղաքական գործունէութեան հմայիչ համադրութիւնն է: Ճանչցուած` իբրեւ ամերիկահայ «System of a Down» յայտնի խումբի բազմատաղանդ առաջնորդ երգիչը, Թանգեանի այս վերջին գիրքը խորապէս կը ներթափանցէ այն փորձառութիւններուն եւ համոզումներուն մէջ, որոնք ձեւաւորած են իր ազդեցիկ կեանքը: Թէեւ Թանգեան անծանօթ չէ գրական աշխարհին` նախապէս հրատարակած ըլլալով բանաստեղծական երկու հատորներ,«Down with the System»-ը կ՛առանձնանայ իբրեւ իր ամենահամապարփակ պատումը մինչեւ օրս` ընթերցողներուն առաջարկելով մտերմիկ ակնարկ մը իր կեանքին եւ գործունէութեան վրայ:

Թանգեանի ընկերաքաղաքական գործունէութիւնը մշտական ներկայութիւն մըն է գիրքին մէջ: Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան մէջ իր վաղ ներգրաւուածութենէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պաշտպանութիւնը իր ողջ կեանքի ընթացքին, անոր նուիրումը ընկերային արդարութեան հանդէպ պատշաճօրէն կը ներկայացուի: Թանգեանին յուշերը իր ընտանիքին` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրելու եւ Պէյրութէն Լոս Անճելըս գաղթի ուղեւորութեան մասին, յուզիչ հիմք մը կը կազմեն իր աւելի ուշ աշխատանքներուն` իբրեւ երաժիշտ եւ արդարութեան ջատագով:

Գիրքը կոչ մըն է բոլորին` խաղաղութեան ու փոխըմբռնման համար եւ անարդարութեան ու կեղծաւորութեան դէմ պայքարելու` ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ: Թանգեան, որ նաեւ «Axis of Justice» ընկերային արդարութիւն քարոզող կազմակերպութեան համահիմնադիրն է (կազմակերպութիւնը հիմնած է «Rage Against the Machine» խումբի անդամ Թոմ Մորելոյին հետ), կը շեշտէ համայն մարդկութեան համատեղ պատասխանատուութիւնը` աշխարհի ողբերգութիւններուն դէմ: Թանգեան կ՛ըսէ, որ կարեւոր հարցերու շուրջ լռելը` ըլլայ ցեղասպանութիւն, կլիմայի փոփոխութիւն, անտեղի պատերազմներ կամ աղքատութիւն, կը թոյլատրէ, որ այդ անարդարութիւնները շարունակուին: Օրինակ, ան կը նշէ Ամերիկայի մէջ անտունութեան հարցը` որպէս ուշադրութեան կարօտ կարեւոր ոլորտ մը:

Ինքնակենսագրութիւնը նաեւ խորապէս կը ներթափանցէ Թանգեանի մտորումներուն մէջ` «տուն» հասկացողութեան շուրջ: Անոր կեանքը զինք տարած է Պէյրութէն` քաղաքացիական պատերազմի քաոսին մէջէն, մինչեւ Լոս Անճելըսի բանուկ փողոցները ու Նոր Զելանտայի հանդարտ բնատեսարանները, եւ յաճախ բերած Հայաստան` երկիր մը, որ կեդրոնական կը մնայ իր ինքնութեան համար: Թանգեանի մտորումները, թէ ինք «ո՞ր երկրին կը պատկանի», թէ՛ յուզիչ է եւ թէ՛ հասկնալի, բացայայտելով մարդ մը, որ խորապէս կապուած է իր արմատներուն` միաժամանակ նաւարկելով համաշխարհային գոյութեան մը մէջ: Անոր անսասան կապը Հայաստանի հետ, իր բազմազան կեանքի փորձառութիւններուն հակառակ, սրտառուչ անկեղծութեան շերտ մը կ՛աւելցնէ իր պատմութեան:

«Down with the System»-ը նաեւ հարուստ է անձնական պատմութիւններով, որոնք պատուհան մը կը բանան Թանգեանի աշխարհին` բեմէն անդին: Ինքնակենսագրութիւնը լեցուն է իր մանկութեան տարիներէն պատմութիւններով, ընտանիքին հետ անցուցած պահերով եւ «System of a Down»-ի կեանքի ետին պատկերներով: Թանգեանի վերյիշումները խումբին համբաւի ետին, անոր դիմագրաւած ներքին պայքարներուն եւ խումբի անդամներուն հետ ունեցած բարդ յարաբերութիւններուն մասին, պատմուած են անկեղծութեամբ մը, որ հաւասարապէս հետաքրքրական ու բացայայտող է:

Գիրքին յատկապէս տպաւորիչ մէկ մասը կը նկարագրէ իրականութիւն մը, որ հիմնականօրէն կրնար փոխել խումբին ապագան: Թանգեան կ՛ակնարկէ ժամանակի մը մասին, երբ ինք կը մտածէր խումբէն մշտապէս հեռանալու եւ զինք փոխարինելու հաւանականութեան մասին. բացայայտում մը, որուն մանրամասնութիւնները պիտի զարմացնեն եւ հետաքրքրեն «System of a Down»-ին հետեւողները: Հաւանական վերաձեւաւորման այս ակնարկը կասկածի եւ ինքնաքննադատութեան տարր մը կ՛աւելցնէ պատումին` շեշտելով նուրբ հաւասարակշռութիւնը անձնական եւ մասնագիտական յանձնառութիւններուն միջեւ:

Թէեւ «Down with the System»-ը հարուստ է քաղաքական քննադատութիւններով, սակայն կը խափանուի Հայաստանի ներկայ վարչակարգի քննարկման մէջ: Թանգեանի յուշերը կ՛անդրադառնան զանազան քաղաքական նիւթերու, եւ ան սուր ու արդարացիօրէն կը քննադատէ անցեալի հայաստանեան կառավարութիւնները` անոնց սխալներուն համար: Այնուամենայնիւ, երբ խօսքը Հայաստանի ներկայ վարչակազմին կը վերաբերի, յուշագրութիւնը նշանակալիօրէն աւելի քիչ քննադատական է:

2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութեան» բերած յոյսին եւ լաւատեսութեան հակառակ` ներկայ վարչակազմը նշանակալիօրէն շեղած է իր սկզբունքներէն. ազատ մամուլի ճնշումը, ընդդիմադիր ձայներու մեկուսացումը եւ ոստիկանական ուժի չարաշահումը մտահոգիչ հարցեր են, որոնք աւելի շատ ուշադրութեան արժանի են: Թանգեանի կեդրոնացումը անցեալ վարչակարգերու թերութիւններուն վրայ հիմնաւոր է, բայց անոր անյաջողութիւնը` նոյնքան քննադատաբար վերլուծելու ներկայ վարչակազմի ձախողութիւնները, նշանակալից վրիպում մըն է: Թէեւ ան կը գործածէ «Ընտրապայքարի ժամանակ` բանաստեղծ, կառավարելու ժամանակ` արձակագիր» ասացուածքը` նկարագրելու համար Փաշինեանի թերութիւններուն մէկ մասը, սակայն հաշուի առնելով արդարութեան հանդէպ իր ուժեղ դիրքորոշումը եւ Հայաստանի հետ իր խոր կապը, աւելի հաւասարակշռուած քննադատութիւն մը` թէ՛ անցեալի եւ թէ՛ ներկայի քաղաքական յանցանքներուն վերաբերեալ, պիտի զօրացնէր իր պատումը եւ աւելի սերտօրէն պիտի համապատասխանէր իր նկարագրին` իբրեւ ճշմարտութեան եւ թափանցիկութեան ջատագով:

Երաժշտութեամբ, արդարութեան համար պայքարով եւ անձնական պատմութիւններով հետաքրքրուող ընթերցողներուն համար, ինչպէս նաեւ «System of a Down» խումբի սիրահարներուն համար «Down with the System»-ը կարեւոր ընթերցում է: Գիրքը պարզապէս ռոք աստղի պատմութիւնը չէ, այլ` խոր պատում մը, որ կը հիւսէ գաղթականի մը ուղեւորութիւնը, «ակտիվիստ»-ի մանիֆեստը եւ խորապէս անձնական խորհրդածութիւն մը` ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին: Սերժ Թանգեանի ինքնակենսագրութիւնը վկայութիւն մըն է կեանքի մը, որ ապրուած է կիրքով, նպատակով եւ անսասան նուիրումով` արդարութեան: Գիրքը մտերմիկ եւ մտածուած ուսումնասիրութիւն մըն է իր կեանքի ուղեւորութեան մասին` սկսելով Պէյրութի վրայ ինկող ռումբերէն մինչեւ «System of a Down»-ի համաշխարհային բեմերը եւ անդին:

 

Ռուբէն Ճանպազեան 

«Ազդակ»