image

Ղազախստանի «Հայր»ը փախո՞ւստ տուած է

Ղազախստանի «Հայր»ը փախո՞ւստ տուած է

Ղազախական կարգ մը լրատուամիջոցներ տեղեկացուցած են երկրէն նախկին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի, որ արժանացած է «ազգի հայր» տիտղոսին, փախուստին մասին։

Ուշագրաւ է, որ Ղազախստանի մէջ քաղաքական ճգնաժամի սկիզբէն ոչ պաշտօնական իշխանութիւնները, ոչ պետական հեռուստաալիքներն ու լրատուամիջոցները կը յիշատակեն Նուրսուլթան Նազարպայեւի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն անունները։ Չի տեղեկացուին նաեւ այն մասին, թէ ուր են անոնք եւ ինչ պատահած է անոնց։ Տեղեկութիւններ կան, որ առաջին նախագահն ու անոր դուստրերը  իրենց ընտանիքներով հեռացած են երկրէն։ Ղազախստան մնացած է միայն աւագ եղբայր Պոլաթ Նազարպայեւը։ Պաշտօնական տեղեկութիւններու եւ ելոյթներու մէջ նաեւ մայրաքաղաքը Նուր Սուլթան չեն անուաներ։

Նշենք, որ նախօրէի երեկոյեան տեղեկութիւններ յայտնուեցան, որ ԱՄԷ-էն ղրղզական «Մանաս» օդակայան եկած է Նազարպայեւի ընտանիքին պատկանող երկու ինքնաթիռ։ Այստեղ անոնք լիցքաւորուած են եւ, հաւանաբար, թռած՝ Ղազախստան։ Լուրը չէ հերքուած։