Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հերքած է լուրերն այն մասին, թէ Միացեալ Նահանգները ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու վրայ ճնշում կը գործադրէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի վերաբերեալ քննարկումներու արդիւնքներով բանաձեւ չստորագրեն։
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունն անդրադարձած է թեմային՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցին։
Հարցին՝ կը պատրաստուի՞ Միացեալ Նահանգները բանաձեւի նախագիծ ներկայացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի 16 օգոստոսի հրատապ նիստէն ետք, դեսպանատունէն պատասխանած են․
«Անցեալ չորեքշաբթի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտի նախագահութեամբ Խորհուրդը քննարկեց ընթացիկ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերող հարցերը։
Բանաձեւի նախագիծ մենք չենք տեսած, եւ այն պնդումները, թէ Միացեալ Նահանգները անդամ երկիրները կը ճնշէ, որ չստորագրեն բանաձեւ, բացարձակ կեղծիք են։
Ինչպէս նշուած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մեր յայտարարութեան մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ մեզ խորապէս մտահոգել, եւ մենք Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը քաջալերենք, որպէսզի շուտափոյթ բանայ Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրական եւ մասնաւոր փոխադրումներու համար»։