image
Հրատապ լուրեր:

Գէորգ Պետրոսեանին դէմ մեղադրանք

Գէորգ Պետրոսեանին դէմ  մեղադրանք

Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանին մեղադրանք ներկայացուած է, անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն:

Մեղադրանքի հիմքին մէջ նշուած է, որ « Գ. Պետրոսեանը, չենթարկուելով պաշտօնատար անձինք հանդիսացող՝ ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան պարեկային ծառայութեան Կոտայքի մարզի գումարտակի պարեկների օրինական պահանջներին, այդ կերպ միջամտել է վերջիններիս ծառայողական գործունէութեանը»։

Մասնաւորապէս նշուած է, որ Պետրոսեանը հրաժարած է ոստիկանութեան աշխատակիցներու կողմէ փաստաթուղթերու ստուգումէն: Ան նաեւ սթափութեան վիճակի զննութիւն անցնելու հարկադրանքին ընդդիմանալով, սպառնացած է պարեկի նկատմամբ գործադրել անոր առողջութեան վնաս պատճառելու նպատակ հետապնդող բռնութիւն, ապա անտեսելով մեքենայէն դուրս գալու իրեն ուղղուած պահանջները, վարած է մեքենան եւ հեռացած նշուած վայրէն:

«Ձեռք բերուած փաստական տուեալների հիման վրայ վարոյթն իրականացնող քննիչի կողմից հսկող դատախազին միջնորդութիւն է ներկայացուել` Գ. Պետրոսեանի նկատմամբ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 452-րդ յօդուածի 1-ին մասով հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու վերաբերեալ։ Միջնորդութիւնը բաւարարուել է եւ այսօր՝ մարտի 14-ին, վերջինիս ներկայացուել է մեղադրանք։

Գ. Պետրոսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է ընտրուել բացակայելու արգելքը»,- գրուած է Քննչական Կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։