Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմակալ Առաջնորդ Գերմ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան օրերս շնորհաւորական այց մը տուած է ԱՄԷ-ի նորընտիր նախագահ Շէյխ Մուհամատ Պըն Զայէտին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
«Կիրակի 15 Մայիս 2022-ի առաւօտեան Ա․Մ․Էմիրութեանց եւ Քաթարի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեան ցաւակցական այցելութիւն տուաւ երկրիս նորըտիր նախագահ եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար Ն․Վ․ Շէյխ Մուհամատ Պըն Զայիտ Ալ Նահեանին, իր եղբօր եւ նախկին նախագահ Շէյխ Խալիֆա Պըն Զայիտ Ալնահեանի մահուան տխուր առիթով, ինչպէս նաեւ յանուն Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսին եւ Ա․Մ․Է․ հայութեան շնորհաւորեց նախագահական ընտրութիւնը մաղթելով երկար տարիներու ղեկավարութիւն։
Նշենք թէ հանգուցեալ նախագահի գահակալութեան օրերուն Ապու Տապիի հայ գաղութը ստացաւ հողաշերտ մը, ուր կառուցուեցաւ Ս․ Նահատակաց եկեղեցին, Ազգային Առաջնորդարանը եւ համալիրը իր վարժարանով»։