image

Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեան Կաթողիկոսական Նուիրակ՝ Բերիոյ Թեմին

Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեան Կաթողիկոսական Նուիրակ՝ Բերիոյ Թեմին

Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը նշանակուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ: Այս մասին կը տեղեկանանք Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն:

Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.-

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ նշանակեց Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը։

Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2022-ին, սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն. Վրդ. Նաճարեանի եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։

Հայրապետական Նուիրակ սրբազանը անցնող տարիներուն ծառայած է Դպրեվանքէն ներս իբրեւ հսկիչ եւ ուսուցիչ, Յունաստանի մէջ՝ որպէս հոգեւոր հովիւ, Թեհրանի Հայոց Թեմէն ներս՝ իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ, Մայրավանքին մէջ՝ որպէս լուսարարապետ Մայր Տաճարի եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ։