Սուրիոյ հայաշատ շրջաններէն Գամիշլիի մէջ օրերս նշուած է Սուրբ Գէորգի, ինչպէս նաեւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօները։
Ստորեւ ատոր մասին համացանցին մէջ երեւցած լրատւութիւնը՝
Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Ճէզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Հոգշն. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Վարագայ Սուրբ Խաչի եւ Սուրբ Գէորգ Զօրավարի տօներուն առիթով։
Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը։
«Ամէն եւ Ընդ Հոգւոյդ Քում» աղօթքէն ետք, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը Ս. Գէորգի մասունքով թափօրով վերադարձաւ խորան եւ կատարեց Ջուրի Օրհնութիւնը։
Իր քարոզի բնաբանը ընտրած էր օրուան ճաշու Աւետարանէն՝ «Նոյն իսկ եթէ երկինք եւ երկիր անհետանան, իմ խօսքերս պիտի չանհետանան» (Մտթ. 24։35), Հայր Սուրբը շեշտեց․ «Մարդոց կողմէ ստեղծուած ամէն շինութիւն, մեր հարստութիւնները, մեր անուններն ու փառքերը, աշխարհի հաճոյքները՝ բոլորն ալ սկիզբ ու վերջ ունին եւ ժամանակի ընթացքին անպայման պիտի անցնին։ Նոյնիսկ երկինքը եւ երկիրը՝ այսինքն ամբողջ արարչութիւնը, սկիզբ ու վախճան ունին։ Սակայն միակ Բանը, որ յաւիտեան կանգուն պիտի մնայ՝ Քրիստոսն է եւ Անոր խօսքերը»։
Ան աւելցուց․ «Աստուծոյ Խօսքը անփոփոխ է։ Միայն մարդկային գաղափարները, գիտութիւնները եւ իշխանութիւնները փոփոխութեան կ՚ենթարկուին ու կորուստի կը մատնուին»։ Ապա յիշեցուց նաեւ Յովհաննէս Առաքեալի խօսքը. «Եթէ ոեւէ մէկը բան մը աւելցնէ ասոր վրայ, Աստուած անոր վրայ պիտի աւելցնէ այս գիրքին մէջ նկարագրուած պատուհասները։ Եւ եթէ ոեւէ մէկը բան մը պակսեցնէ այս մարգարէութեան գիրքին խօսքերէն, Աստուած ալ Կեանքի ծառէն եւ Սուրբ Քաղաքէն անոր բաժինը պիտի նուազեցնէ» (Յայտն. 22։18-19)։
Աւարտին հայր սուրբը շնորհաւորեց բոլոր Գէորգ, Խաչիկ, Խաչատուր եւ նշան անունները կրողները, մաղթելով, որ Սուրբերուն բարեխօսութիւնը միշտ ներկայ ըլլայ իրենց կեանքին մէջ։
Սուրբ Գէորգի մասունքը տեղադրուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւատացեալները ուղղուեցան ստանալու օրհնութիւն եւ բարձրացնելու իրենց աղօթքները։