Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան ընտրական փուլի վերջին խաղին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Գերմանիան:
Հանդիպման 15-րդ վայրկեանին գերմանացիները արագ հակագրոհով առաջ անցան հաշուին մէջ: Ամբողջ առաջին կէսին պայքարը կը ծաւալէր Հայաստանի կիսադաշտին մէջ: Գերմանիան կը գրոհէր, Հայաստանը կը պաշտպանուէր: Խաղակէսի վերջին մասին` աւելցուած վայրկեանին, սեփական տուգանային հրապարակին մէջ կանոնները խախտեց Տարօն Ոսկանեանը եւ գերմանացիները նշանակեցին 11 մեթրանոց հարուածէն:
Երկրորդ կէսի մեկնարկին Գերմանիոյ հաւաքականը խփեց նաեւ երրորդ գնդակը: Հանդիպման 57-րդ վայրկեանին Մխիթարեան Գերմանիոյ դարպասին նշանակեց տուգանային հարուցած: 65-րդ վայրկեանին Գերմանիան խփեց նաեւ 4-րդ գնդակը:
Հանդիպումը աւարտեցաւ 1-4 արդիւնքով եւ Հայաստանի հաւաքականը պարտութեամբ աւարտեց Մոնտիալի ընտրական փուլը: