image

Ֆրանսայի նախագահը Պէյրութի օդակայանէն անմիջապէս ուղեւորուած է Ֆէյրուզի բնակարան

Ֆրանսայի նախագահը Պէյրութի օդակայանէն անմիջապէս ուղեւորուած է Ֆէյրուզի բնակարան

Երէկ Պէյրութ հասած Էմաննիւէլ Մաքրոնը օդակայանէն անմիջապէս գացած է արաբական երգի աստղ Ֆէյրուզի բնակարան: Այդ մասին կը յայտնեն Էլիզէի պալատի աղբիւրները:

Կը նշուի, որ  Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի եւ  երգչուհի Ֆէյրուզի հանդիպումը խորհրդանշանական է, այն իմաստով, որ երգչուհին կը համարուի Լիբանանի մէջ ապրող բոլոր համայնքներու միասնութեան խորհրդանիշը: Անոնք քննարկած են Լիբանանի մէջ ստեղծուած ծանր կացութիւնը:

84-ամեայ երգչուհին կը բնակի Լիբանանի Ռապիէ շրջանին մէջ: Աւելի վաղ «Արեւելք»ի  հետ  հարցազրոյցի ժամանակ  հայ խմբավար Կարէն Դուրգարեանը, որ համագործակցած է Ֆէյրուզի հետ,  գնահատելով Ֆէյրուզի արուեստը, ըսած էր. «Ֆէյրուզը սիրոյ, աղօթքի երգիչ է: Ան իր ողջ արուեստով եղած է խաղաղութեան առաջամարտիկ»: 

 


 

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահը 4 օգոստոսի պայթումէն ետք երկրորդ անգամ կը ժամանէ Լիբանան:  Ըստ դիտարկումներու, Ֆրանսան կարեւոր դեր  կը ստանձնէ Լիբանանը ճգնաժամէն դուրս բերելու վերաբերեալ: