image

ԼՂ–էն բռնի տեղահանուածները յունիս 17–էն կրնան դիմել բնակարաններ ստանալու համար

ԼՂ–էն բռնի տեղահանուածները յունիս 17–էն կրնան դիմել բնակարաններ ստանալու համար

Յունիս 17–էն պիտի սկսի Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրին մասնակցելու դիմումներու ընդունումը։ ՀՀ կառավարութեան նիստի ժամանակ այս մասին յայտարարած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Դաւիթ Խաչատրեանը՝ ներկայացնելով պետական աջակցութեան այս ծրագրի կարգը հաստատելու մասին որոշումը։

Ան ընդգծած է, որ դիմումները պիտի ընդունուին բացառապէս առցանց եղանակով, որմէ ետք ծրագրին մասնակցող ընտանիքներուն ելեկտրոնային եղանակով պիտի ուղարկուի համապատասխան հաւաստագիրը։

Փոխնախարարը յիշեցուցած է, որ ԼՂ–էն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային ապահովման ծրագիրը հաստատուած էր մայիս 16–ին։

«Յուլիսի 15–ից էլ կը բացուի բնակելի տուն կառուցելու ցանկութիւն ունեցողների հարթակը, իսկ օգոստոսի 1–ից աջակցութիւն կը ստանան այն ընտանիքները, որոնք արդէն իսկ ունեն գործող հիփոթեք»,–ըսած է ան։

Խաչատրեանը նշած է, որ առաջին փուլով աջակցութիւն պիտի ստանան երեք եւ աւելի անչափահաս երեխայ ունեցող, ինչպէս նաեւ զոհուածներու ընտանիքներու անդամները, 1–ին եւ 2–րդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցողները։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է, որ խօսքը կը վերաբերի միայն ԼՂ–էն բռնի տեղահանուած այն անձանց, որոնք ստացած են ՀՀ քաղաքացիութիւն։