image

Դէպի Ստեփանակերտ մարդասիրական օգնութեան միացած են Ֆրանսայէն (Լուսանկար)

Դէպի Ստեփանակերտ մարդասիրական  օգնութեան  միացած են Ֆրանսայէն (Լուսանկար)

Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներ ու շրջաններ մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած են՝ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան հասցնելու համար։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, Կոռնիձորի մէջ Հայաստանի կառավարութեան մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած 19 եւ «Գրանդ Քենդի» ընկերութեան 2 բեռնատարներու շարասիւնին միացած է նաեւ Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներու եւ շրջաններու կողմէ յատկացուած մարդասիրական օգնութեամբ բեռնատարը։  

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման համար Հայաստանի կառավարութեան մէջ ստեղծուած աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեանն ընդգծած է, որ բարեկամ Ֆրանսայի այս քայլը կը վկայէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան կողմէ այս ճգնաժամը մեղմելու նախաձեռնութիւնը կը ստանայ նաեւ միջազգային հնչեղութիւն։

«Կարծում եմ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղում այն աստիճան օրհասական է, եւ հումանիտար աջակցութեան կարիքն այնքան մեծ է, որ դա ակնյայտ է նաեւ մեր միջազգային գործընկերների համար։ Միջազգային գործընկերների գործուն քայլերն, անշուշտ, կարող են նպաստել, որպէսզի ի վերջոյ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը վերացուի, եւ հնարաւոր լինի հումանիտար բեռը հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդին»,-ըսած է Վարդան Սարգսեանը։

Մարդասիրական օգնութիւնը յատկացուցած են Փարիզ քաղաքը, Իլ տը Ֆրանս, Օվերն, Ռոն Ալփեր, Օ տը Ֆրանս, Փրովանս-Ալփեր Լազուր ափ, Նոր Աքվիթանիա, Լուարի երկիր, Կրանտ էսթ տարածաշրջանները։

«20 թոննայից աւել հումանիտար բեռ է, որը պարունակում է մակարոնեղէն»,- ըսած է Սարգսեանը։