image

Ֆրանսան ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին մէջ բանաձեւի ընդունում նախաձեռնած է՝ ԼՂ հայ բնակչութեան վերադարձի պայմաններ ստեղծելու հարցով

Ֆրանսան ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին մէջ բանաձեւի ընդունում նախաձեռնած է՝ ԼՂ հայ բնակչութեան վերադարձի պայմաններ ստեղծելու հարցով

Ֆրանսան նոր քննարկում նախաձեռնած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մէջ՝ ընդունելու բանաձեւ, որով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերադարձի պայմաններ պիտի ստեղծուին։

Այս մասին Ծերակոյտէն ներս ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան։

Ան նշած է, որ այդ պայմանները պէտք է ներառեն Ղարաբաղի հայերու, այդ շարքին՝ պատմամշակութային իրաւունքներու պահպանման ամուր երաշխիքներ, որու  համար անհրաժեշտ է մշտական միջազգային ներկայութիւն տեղւոյն մէջ։

«Ատրպէյճանը ծրագրած եւ կազմակերպած է աւելի քան 100 հազար հայերու տեղահանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն։ Սա չափազանց ծանր յանցագործութիւն է, որ չի կրնար անարձագանգ մնալ», -ըսած է նախարարը։