Ֆրանսան նոր քննարկում նախաձեռնած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մէջ՝ ընդունելու բանաձեւ, որով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերադարձի պայմաններ պիտի ստեղծուին։
Այս մասին Ծերակոյտէն ներս ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան։
Ան նշած է, որ այդ պայմանները պէտք է ներառեն Ղարաբաղի հայերու, այդ շարքին՝ պատմամշակութային իրաւունքներու պահպանման ամուր երաշխիքներ, որու համար անհրաժեշտ է մշտական միջազգային ներկայութիւն տեղւոյն մէջ։
«Ատրպէյճանը ծրագրած եւ կազմակերպած է աւելի քան 100 հազար հայերու տեղահանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն։ Սա չափազանց ծանր յանցագործութիւն է, որ չի կրնար անարձագանգ մնալ», -ըսած է նախարարը։