Ֆրանսան Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութիւն պիտի բանայ, յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս: Ան չէ յստակեցուցած, թէ ուր պիտի տեղակայուի հիւպատոսութիւնը։
Ֆրանսայի նախարարը խօսած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ցուցաբերուող աջակցութեան մասին, շեշտած է, որ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակման ընթացքին Ռուսիան լքած է Հայաստանը։ Քոլոննան խօսած է Հայաստանի հետ ռազմական համագործակցութեան ամրապնդման մասին եւ յիշեցուցած է, որ Փարիզը Երեւանի մէջ ռազմական կցորդ նշանակած է։
Քաթրին Քոլոննան Եւրոպական Միութեան կոչ ըրած է միանալու Հայաստանին աջակցելու իրենց ջանքերուն։
2022-ի հոկտեմբերին Կապանի մէջ հիւպատոսութիւն բացած էր Իրանը, մայիսին նման մտադրութեան մասին յայտարարած էր Ռուսիան։