Սփիւռքահայ հանրայայտ դերասանուհի եւ բեմադրիչ՝ Նորա Արմանիին շնորհուած է ՀՄԳՄ պատուաւոր անդամի կոչում։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՀՄԳՄ-ի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ այդ մասին ներակայցուած լրատւութիւնը՝
Հայաստանի մշակոյթի գործիչներու միութեան վարչութեան անդամ, թատերագիր Մուշեղ Մխիթարեանի (Մխիթար Մոս-Մուշեղեան) միջնորդութեան համաձայն, Միութեան վարչութեան որոշմամբ Ֆրանս-ամերիկեան նշանաւոր դերասանուհի, բեմադրիչ եւ արտադրող Նորա Արմանիին շնորհուած է Միութեան պատուաւոր անդամի կոչում եւ Շնորհակալագիր ՀՄԳՄ նախագահի անունով՝ ազգային մշակոյթի տարածման եւ հանրահռչակման համար։
Անդամատոմսը եւ շնորհակալագիրը շնորհած են Միութեան վարչութեան քարտուղար Լիանա Սահակեանը եւ Վարչութեան անդամ Մուշեղ Մխիթարեանը։