image

Foreign Policy. Պայտըն «կը նուազեցնէ» ԱՄՆ-ի բանակի ուժը

Foreign Policy. Պայտըն «կը նուազեցնէ» ԱՄՆ-ի բանակի  ուժը

Պարբերականը կը համարէ, որ այսպիսով «ամերիկեան բանակը պիտի կծկուի, հակառակ անոր որ ԱՄՆ ցամաքային ուժերու ներկայութեան «մեծ պահանջարկ» կայ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ», նշելով, որ բանակը պահանջած է 442,300 զինուոր, չնայած մինչեւ 2022 թուականը Պայտընի վարչակազմը 485,000 զինուոր խնդրած էր։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»

Ամերիկեան Wall Street Journal-ը նշած է, որ Փենթակոնի համար յատկացուած եւ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հաստատուած պիւտճէն ցոյց կու տայ, որ ամերիկեան ուժերը կը գտնուին ուղղորդուած նահանջի մէջ։

Թերթը  հաղորդած է, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ հաստատուած պիւտճէն Փենթակոնի համար ցոյց կու տայ, որ ամերիկեան ուժերը կը գտնուին ուղղորդուած նահանջի մէջ:

Պարբերականը գրած է, որ Պայտըն անցեալ շաբթուան իր ելոյթը սկսած էր՝ վկայակոչելով ԱՄՆ նախկին նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթի խօսքերը ( 1941 թուականին), իսկ այս շաբաթ ան ներկայացուցած է 1991 թուականի (Պաղ պատերազմի աւարտի շրջանին) համապատասխան ռազմական պիւտճէ մը, հարցնելով, «Արդեօք Քոնկրեսը առաջ կը տանի երկիրը պաշտպանելու ջանքեր՝ աճող սպառնալիքներու այս պայմաններուն մէջ»։

Թերթը նշած է, որ 2025 թուականին Փենթակոնի համար նախագահի՝ 850 միլիառ տոլար պահանջքը, ընդամէնը 1 տոկոսով աւելի է 2024 թուականի համեմատ: Այս կրճատումը, գնաճէն ետք, Պայտընի առաջարկած չորրորդ անընդմէջ կրճատումն է:

Թերթը գրած է. «Ի՞նչ պատահեցաւ անցեալ տարի. Իսրայէլը յարձակման ենթարկուեցաւ եւ ան այժմ պատերազմ կը մղէ: Նաեւ Վլատիմիր Փութինի Ուքրանիոյ մէջ վարած պատերազմի աւարտը վճռուած չէ, եւ վերջինիս յաղթանակի հաւանականութիւնը դեռ առկայ է։ Միւս կոմէն, Հիւսիսային Քորէան կ՚աշխատի իրավիճակը թէժացնել Հարաւային Քորէայի ուղղութեամբ, մինչդեռ Չինաստանը վերջերս յայտարարեց պաշտպանական ծախսերու 7,2 տոկոս աճի մասին»:

Ըստ պարբերականին Պայտըն կը կարծէ, որ սա ընդունելի (յարմար) պահ է ամերիկեան պաշտպանութիւնը «տայէթ»ի (նկատի ունի՝ պիւտճէի կրճատում - խմբ.) մէջ դնելու համար, եւ վարչակազմը կ՚ըսէ, որ իրենք պարտաւորուած են միայն Քոնկրեսի հետ անցեալ տարի բանակցուած պիւտճէի սահմանափակումներով։ Այդուհանդերձ, միայն կարգ մը առաջնահերթութիւններ «զերծ պահուեցան կացինի հարուածէն»։

Պարբերականը կը համարէ, որ այսպիսով «ամերիկեան բանակը պիտի կծկուի, հակառակ անոր որ ԱՄՆ ցամաքային ուժերու ներկայութեան «մեծ պահանջարկ» կայ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ», նշելով, որ բանակը պահանջած է 442,300 զինուոր, չնայած մինչեւ 2022 թուականը Պայտընի վարչակազմը 485,000 զինուոր խնդրած էր։

Պարբերականը միաժամանակ կը բացատրէ, որ բանակէն պահանջուած առաջադրանքները լիուլի կատարելու համար ճիշդ թիւը 500,000 զինուորի մասնկացութիւնն է , մատնանշելով, որ «ուժի կրճատումը չի կրնար փոխարինել հիմնական խնդրի լուծման, որ կը կայանայ նորակոչիկներ գտնելու մէջ»։