image

Ֆիտան խօսած է Փութինի հետ եղած այցին մասին

Ֆիտան  խօսած է  Փութինի հետ եղած  այցին մասին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը մանրամասնութիւններ հաղորդեց 11 Յունիսի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հանդիպումին վերաբերեալ:

Ֆիտան յայտնեց, որ Ռուսաստանի նախագահին փոխանցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի ուղերձները:

«Մենք զանոնք մանրամասն քննարկելու հնարաւորութիւնը ունեցանք»:

Թուրք նախարարը կարեւորած է Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յաջողած համագործակցութիւնը Սուրիոյ առումով:

«Մեր եւ Ռուսաստանի համար սուրիական տարածքը չափազանց կարեւոր է, երկկողմ համագործակցութեան մէջ կենսուժի հարցերն ալ չափազանց կարեւոր են», - աւելցուցած է ան:

Ֆիտանը նշած է, որ հանդիպման ընթացքին անոնք խօսած են նաեւ Ուքրանիայի խնդրի վերաբերեալ, ինչ որ Թուրքիոյ համար եւս մեծ կարեւորութիւն ունի:

Այս բնաբանին մէջ Թուրքիոյ արտագին գործոց նախարարը ներկայացուցած է թրքական կողմի դիրքորոշումը եւ մտահոգութիւն յայտնած, որ պատերազմի շարունակակութիւնը կրնայ աւելի վտանգել՝ աշխարհին եւ տարածաշրջանին նիւթական վնասներ պատճառելու տեսանկիւնէն:

«Աշխարհագրութիւնը կանոնաւոր ձեւով կրնայ ընդլայնուիլ: Միջուկային զէնքերը կարելի է օրակարգ բերել: Այս եզրակացութեան եկած եմ Չինաստան եւ Ռուսաստան ունեցած այցելութեանս ընթացքին»:

Ֆիտանը յայտնած է նաեւ, որ Փութինին հանդիպելէ վերջ ան նաեւ հանդիպումներ   ունեցած է այլ պաշտօնեաներու հետ եւ անոնց փոխանցած, որ Ուքրանիայի խնդրի լուծման հարցով խաղաղութիւնը պէտք է հիմք հանդիսանայ, իսկ Ռուսաստանը պէտք է յստակացնէ իր դիրքորոշումը:

Ան կարեւորած  է հանդիպումէն 2 օր վերջ Փութինի կողմէ պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ կէտ առ կէտ Ռուսաստանի պայմաններու ներկայացումը եւս:

Թրքական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ յառաջիկային կը սպասեն Փութինին այցը Թուրքիա եւ տեղեկացուցած, որ այդ առումով Էրտողանը հրաւէր ուղարկած է անոր:

 

«Կը կարծեմ որ յառաջիկայ օրերուն անոնք կը հանդիպին եւ կը խօսին այս հարցերուն մասին»: