Հայաստանի ազգային օրը «Expo 2020 Dubai» համաշխարհային ցուցահանդէսին պիտի նշուի Յունուար 30-ին, որուն մասնակցելու նպատակով Տուպայ պիտի մեկնի ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ են Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեանը, Արտաքին գործերի, Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւններու, «Ներդրումներու աջակցման կեդրոն» հիմնադրամի ներկայացուցիչներ։
Ողջու
յնի ելոյթներուն պիտի յաջորդէ «Բարեկամութիւն» պարի պետական համոյթի ցեղային հայկական պարային համերգը, որուն աւարտէն յետոյ հիւրերը պիտի այցելեն հայկական տաղաւար՝ ծանօթանալու ներկայացուած մշակութային ժառանգութիւնը, պատմութիւնը եւ ժամանակակից աշխարհին համահունչ քալելու մեր երկրի մտաւոր ներուժը։
Հայկական տաղաւար այցէն յետոյ պատուիրակութիւնները պիտի այցելեն ԱՄԷ ազգային տաղաւար․ նախատեսուած են երկկողմ հանդիպումներ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Պաշտօնական բացման արարողութենէն յետոյ ամբողջ օրուան ընթացքին պիտի կազմակերպուին մի շարք մշակութային միջոցառումներ տարբեր երկիրներէ ժամանած այցելուներու եւ հիւրերու համար: