image

Եւրոպայի մէջ «Կը մոլեգնի» «Կապիկի ծաղիկ» հիւանդութիւնը

Եւրոպայի մէջ «Կը մոլեգնի»  «Կապիկի ծաղիկ»   հիւանդութիւնը

Վերջին շաբաթներու ընթացքին աշխարհի մէջ արձանագրուած է «կապիկի ծաղիկ» հիւանդութեան պարագաներ, նշենք որ ժահրային ծագում ունեցող այս հիւանդութիւնը մարդուն կը փոխանցուի հիմնականին մէջ վայրի կենդանիներէն, ինչպէս կրծողները եւ «փրայմէյթները (կորիլա, ուրանկութան եւ այլն):

 

«Կապիկի ծաղիկ» հիւանդութեան ախտորոշման հետազօտութիւնները կը խստանան ամբողջ աշխարհի տարածքին, Ափրիկէի սահմաններէն դուրս շատ մը պարագաներ յայտնաբերուելէ ետք, գրած է Birmingham Live-ը։

Հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ վերահսկման եւրոպական կեդրոնը (ECDC) բարձրացուցած է կապիկի ծաղկախտով վարակման վտանգի մակարդակը ցածէն՝ չափաւորի։

Այս մէկը սկսաւ, երբ 15 օգոստոսին հիւանդութեան առաջին պարագան արձանագրուեցաւ Շուէտի մէջ, իսկ յաջորդ օրը՝ Փաքիստանի մէջ։

Սթոքհոլմ հաստատուած ECDC-ն յայտնած է, որ «միանգամայն հաւանական» է, որ Եւրոպա հասնին նոր վարակուած պարագաներ։ «Եւրոպայի եւ Ափրիկէի միջեւ սերտ կապերու պատճառով մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք 1 խումբի Ափրիկէէն հասած վարակման պարագաներ աւելի տեսնելու»,- ըսած է  ECDC տնօրէն Փամելա Ռէնտի Վակնըր իր յայտարարութեան մէջ:

 

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը