image

«Կապիկի ծաղիկ»ը Լիբանան հասա՞ւ. Սուտ եւ ճիշդ լրատւութեան պայքարը Պէյրութի մէջ

 «Կապիկի ծաղիկ»ը Լիբանան հասա՞ւ. Սուտ եւ  ճիշդ  լրատւութեան պայքարը Պէյրութի մէջ

Երկուշաբթի առաւօտը լիբանանցիներուն համար մտահոգիչ լուրի մը առաւօտը դարձաւ, երբ «Ալ Ժատիտ» կայանը լուր տարածեց այն մասին, որ երկրին մէջ արդէն իսկ գրանցուած է «Կապիկի ծաղիկ»ով վարակուած առաջին պարագան։

 Լուրը աւելի ուշ հերքուեցաւ տարբեր հարթակներու կողմէ, որոնք վկայակոչեցին Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարութեան աղբիւրները։

 

 Լիբանանցի պատասխանատուներ նաեւ յայտնեցին, որ մինչեւ այս պահը Լիբանանի մէջ այդ վարակի գոյութիւնը փաստող ՝«Բի. Սի. Ար»ի դրութիւնը ցարդ չկայ։ 

Այդ աղբիւրներ նաեւ շփոթահարութեան մը եղանակով արտայայտուած են այն իմաստով, որ Առողջապահութեան Համաշխարհային Գործակալութիւնը այդ վարակին մասին ցարդ յստակ տեղեկութիւններ կամ անոր դէմ պայքարելու մեքանիզմներու մասին չէ արտայայտուած։

Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերը աւելի  վճռորոշ  պիտի դառնան ու  իրողապէս յայտնի պիտի դառնայ «Լիբանանի մէջ «Կապիկի ծաղիկ»  առկա՞յ է կամ ոչ» հարցումին պատասխանը։

 

 

 Լուրը  համադրեց՝ «Արեւելք»ը։