Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան կոչ ըրած են անյապաղ դադրեցնելու կրակը Կազայի մէջ։ Այս մասին համատեղ յայտարարութիւն տարածած են Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան։
«Մենք Իսրայէլին կոչ կ'ընենք վերականգնելու մարդասիրական հասանելիութիւնը, ներառեալ ջուրն ու ելեկտրականութիւնը, ապահովելու բժշկական օգնութեան հասանելիութիւնը եւ բժշկական տարհանումները՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան:
Մենք նաեւ կոչ կ'ընենք «Համաս»-ի զինեալներուն ազատ արձակելու իսրայէլացի պատանդները»,- ըսուած է երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ։