Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան առաքելութեան մեկնարկը յետխորհրդային տարածքին մէջ ամրապնդուելու փորձ է` օգտուելով Ռուսիոյ միջնորդութեամբ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման արդիւնքներէն։ Այս մասին ՌԻԱ Նովոստիի հետ զրոյցին յայտարարած է ԵՄ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնակատար Քիրիլ Լոկվինով։
«Այս Պրիւքսէլի փորձն է, միջնորդի դեր խաղալով, ամրապնդուիլ յետխորհրդային տարածք»,– ըսած է ան։
Անոր խօսքով, այս գործողութիւններուն մէջ կան նաեւ զգալի հակառուսական բաղադրիչներ։
«Անոնք կը ձգտին չէզոքացնելու մեր երկրի պատմական դերը՝ որպէս անվտանգութեան երաշխաւոր», – ըսած է Լոկվինով:
Յիշեցնենք, որ 20 փետրուարէն ի վեր Հայաստանի մէջ 2 տարուան մանտաթով 100 հոգիէ բաղկացած եւրոպական առաքելութիւն տեղակայուած է։ Թէեւ ԵՄ առաքելութիւնը կը համարուի քաղաքացիական, բայց անդամներէն 50–ը ոստիկաններ են։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի վաղ, մեկնաբանելով Հայաստանի մէջ ԵՄ նոր միջնորդական առաքելութեան մեկնարկը, յայտարարած էր, որ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչներու յայտնուիլը կրնայ միայն աշխարհաքաղաքական դիմակայութիւն բերել տարածաշրջան եւ սրել առկայ հակասութիւնները: