image
Հրատապ լուրեր:

Եւ տուն վերադարձաւ

 Եւ տուն  վերադարձաւ

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի յիշատակին

Աւելի քան երեսուն եւ հինգ տարիներու բարեկամութենէ ետք դիւրին չէ հրաժեշտ տալ մէկու մը, աշխատակիցի մը, գործակիցի մը, պաշտօնակիցի մը, միաբանակիցի մը, եղբօր մը։ Հոգ չէ թէ ան 2021 տարուան գերակշռող մասը հիւանդանոցի սենեակին մէջ անցուցած ըլլար, հոգ չէ թէ յատկապէս վերջին օրերուն կը նախազգար տխուր ապագան, հոգ չէ թէ գեղեցիկ տեսարան չէր պարզեր գիտութիւնը մեր աչքերուն առջեւ, սակայն դեռ յոյսով լեցուն էինք։ Պահելով հանդերձ իրապաշտութիւնը, յոյս ունէինք, որ կը բարելաւուի. սակայն այդպէս չի պատահեցաւ եւ 14 Նոյեմբեր 2021, Կիրակի գիշեր իր եղբօր ձայնը հեռախօսէն՝ գուժեց անժամանակ լուրը. «Մինչեւ այստեղ է եղեր։ Կորսնցուցինք»։

Որքան ատելի բառ է «վախճան»ը, «վախճանիլ»ը, որ սխալութեամբ կը գործածուի՝ յատկապէս հոգեւորականներուն համար։ Նոյնքան եւ աւելի անհաճոյ ասոյթ մըն է՝ «Ոչ եւս է»ն։ Ո՞վ ըսաւ թէ կորսնցուցինք։ Պարզապէս յետ այսու իր հետ պիտի չկարենանք ըլլալ ֆիզիքապէս։ Չվախճանեցաւ, պարզապէս իր երկրաւոր կեանքին օրերը լրացան։ «Ոչ եւս» չէ, այլ՝ կայ։ Պարզապէս մեզ նման մարմնաւոր չէ։ Մեր հաւատքը այս կը սորվեցնէ մեզի։

*

Տարիներ առաջ մեր Արէտը աւարտելով իր բարձրագոյն ուսման շրջանը, գործի ասպարէզ իջաւ։ Մինչ այդ, արդէն մանկութեան օրերէն իսկ կը ծառայէր եկեղեցւոյ։ Եկեղեցին իր տունն էր։

Փափաքեցաւ հոգեւորական դառնալ եւ ճամբայ ելաւ դէպի Երուսաղէմ։ Ինչպէս Սաղմոսը կ’ըսէ. «Ուրախացայ երբ ըսին ինծի. երթա՛նք Տիրոջ տունը» (ՃԻԱ.1)։ Սակայն ինչ-ինչ պատճառներով իր այդ փափաքը չիրականացաւ այս ծրագիրը եւ ինք մնաց իր պապենական տան մէջ, ըստ կարելւոյն շարունակելով ծառայել այս քաղաքի տան պայծառութեան։

Տարիներ անցան եւ օրին մէկը Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք զինք կոչեց Աստուծոյ տան ծառայութեան՝ բոլորովին… Եւ ան դարձաւ Հայր Թաթուլ Աբեղայ։ Դարձաւ իր տունը՝ Տիրոջ տունը։ Իր կեանքը բոլորովին նուիրեց այդ տան։

Եկեղեցւոյ առընթեր, հրաւիրուեցաւ ծառայել այլ տան մը երդիքին տակ՝ Պատրիարքարանի մէջ։ Յովակիմեան Աթոռի ծառայութեան մէջ ստանձնեց իրեն վստահուած բաժինը։ Պատրիարքարանը եւս եղաւ իր տունը։ Եւ մշտական սպասաւորը եղաւ այս տան։ Այնքան մշտական, որ վերջին ամիսներուն, հակառակ անողոք հիւանդութեան երբ յաջողեցաւ բժշկական արտօնութիւն ապահովել, եկաւ իր ծառայութիւնն ու աշխատակցութիւնը բերելու այս զոյգ տուներուն պայծառութեան։

Հակառակ իր վատթարացած առողջութեան, ինք միշտ մտածող ու մտահոգուող եղաւ այս տուներուն մասին։ Հիւանդանոցի անկողնին մէջ պառկած, քիչ չի զրուցեցինք իր հետ առօրեայ նիւթերու մասին։ Մեր կատակներն իսկ այսպիսի նիւթերու մասին էր. «Հայր Սուրբ, ե՞րբ պիտի գաս, սրբագրութեան ու խմբագրելու նիւթեր ահագին կուտակուեցան»։ Եւ դառն ժպիտով կը պատասխանէր…

Վերջին անգամ երկու ուղեւորութիւններ կատարեցինք միասին. մէկը դէպի Մալաթիա, իսկ միւսը՝ Աղթամար։ Տկար էր։ Սակայն «Քու տանդ նախանձախնդրութիւնը կերաւ զիս…» (Սղմ. ԿԸ.10, նաեւ Յովհ. Բ.17)։ Եւս կատարեց, ինչ որ կարողացաւ։ Կատարեց, իր ծանօթ բծախնդրութեամբ ու կատարելապաշտութեամբ։

Հոկտեմբերի վերջին օրերուն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերանալով այցելեր էինք իր սենեակը։ Սիրով ընդունեց։ Զրուցեցինք։ Աշխատանքային յուշերու մասին խօսեցանք եւ ժպտացինք։ Իրեն համար աղօթեցինք։ Թոյլ էր, սակայն խիստ գիտակից։ Սակայն Նոյեմբեր ամիսը աւելի ծանր էր Հայր Սուրբին համար։ Բժիշկները նախընտրեցին խտացեալ դարմանումի տակ պահել զինք եւ այդպէս ալ եղաւ։ Վերջին օրերուն ակամայ հեռու մնաց իր այնքան սիրելի «տուն»երէն. ընտանեկան տունէն, Աստուծոյ տունէն եւ Ազգին մեծ տունէն՝ Պատրիարքարանէն։

Եւ քանի մը օրեր առաջ, երբ քահանաներ իր մարմինը Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէն առին ու Գումգաբը բերին…, ան վերադարձաւ իր տունը։ Կատարուեցաւ իր «Տան կարգ»ը։ Հակառակ իր բաղդատաբար երիտասարդ տարիքին, որքան խօսած էինք մահուան ու յուղարկաւորութեան մասին։ Եւ ահա կը սկսէր կատարուիլ իր յուղարկաւորութեան կարգը։ Նման կարգադրութիւն մը…, առանց Հայր Թաթուլի կազմակերպչական ներդրումին։ Դժուար եւ յուզիչ էր պահը։ Ան վերադարձած էր իր ա՛յնքան սիրելի եւ տաքուկ տունը։ Այժմ կը վայելէ հովանին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին, ուր քանի-քանիհանդիսութիւններու մասնակցած կամ անոնց կազմակերպչական աշխատանքները գլխաւորած էր։

Եւ արդէն երկու օր ետք՝ 18 Նոյեմբերին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ պիտի կատարուի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին։ Ճիշդ է, որ պիտի յուղարկենք զինք յաւիտենականութեան, սակայն կը հաւատանք, որ ան կ’երթայ իր «տուն»ը, վայելելու ուր են իր Երկնաւոր Հօր ներկայութիւնը եւ վերստին հանդիպելու իր հոգեւոր ծնողին՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր։

*

Երկար տարիներու աշխատակցութեան, գործակցութեան ընթացքին անթիւ անհամար յիշատակներ հաւաքուեցան։ Կէս գիշերէն ետք խմբագրական աշխատանքի ժամեր, հեռաւոր քաղաքի մը հիւրանոցի սենեակին մէջ լուր պատրաստելու ժամեր, ժպիտի կամ խնդուքի պահեր, նաեւ վիճաբանութեան պահեր։ Այս բոլորը պահ մը տողանցեցին յիշողութեանս պաստառէն, երբ տան կարգի միջոցին աղօթք կ’արտասանէի՝ այս անգամ իր անշնչացած մարմնին վերեւ։

Տարիներ առաջ միասին յղացած էինք Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակչական բաժանմունքը։ Միասին յղացած էինք նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վերջին հարիւրամեակի հոգեւորականներու կենսագրականներու հատորի մը պատրաստութիւնը։ Ամենացաւալին այն էր, որ պարտաւորուեցայ այդ հատորին՝ Հայր Թաթուլը ներկայացնող էջերը առանձնացնել եւ իր վախճանման լուրին կցել։

Ան, ինչպէս իւրաքանչիւրս, ունէր իւրայատուկ անհատականութիւն։ Հակառակ իր դիւրաբորբոք կողմին՝ միշտ սիրով լեցուն էր։ Կրցաւ իր բարկութիւնն ու յուզումը զսպել՝ հակառակ իր արդար ընդդիմութեան։ Միշտ հեռու կեցաւ ոխակալութեան եւ վրիժառութեան զգացումներէ։ Կրցաւ ներողամտութեամբ մօտենալ դառն յիշատակներ ունեցածներուն։ Եւ ջանաց ընել ամէն ինչ, որ կը հաւատար թէ պէտք էր ընել իր հաւատացած բաներուն ու սրբութիւններուն համար։

Եւ ահա այսօր կը յուղարկենք զինք՝ սիրելի Հայր Թաթուլը դէպի յաւիտենականութիւն: Սրտանց կ’աղօթենք իր հոգւոյն խաղաղութեան համար եւ կը խնդրենք, որ ինք շարունակէ աղօթել ապրողներուս համար, ինչպէս կ’աղօթէր իր կենդանութեան։

Քու պարագայիդ ալ ի մտի պէտք է ունենանք Տէրունական խօսքը՝ իւրաքանչիւր հոգեւորականի ափի վերջին գրութիւնը. «Ելայ Հօրմէն եւ եկայ աշխարհ. դարձեալ կը թողում աշխարհը եւ կ’երթամ Հօրը» (Յովհ. ԺԶ.28)։

Բարի երթ դէպի Հայրն մեր։

Հանգիստ հոգւոյդ հին ընկեր, Գերապատիւ Հայր Սուրբ եւ սիրելի միաբանակից եղբայր։

 Հոգշ. Տ. Յովակիմ աբղ. Սերովբեան

(Ակօս, 19 Նոյեմբեր 2021, թիւ 1322)