image

«Եթէ քաղաքական ըլլայ աւելի լաւ». Փաշինեան անդրադարձաւ դէպի Թուրքիա մարդասիրական օգնութեան

«Եթէ քաղաքական ըլլայ աւելի լաւ». Փաշինեան անդրադարձաւ դէպի Թուրքիա մարդասիրական օգնութեան

Թուրքիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելը միայն մարդասիրական նպատակով կատարուած է, քանի որ մեր կողքին միլիոնաւոր մարդիկ տուժեցին: Այս մասին ըսած է Նիկոլ Փաշինեան Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան թեմայով քննարկման, որուն մասնակցած են նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին եւ ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիթտը:

«Մենք տեսանք նաեւ դրական արձագանգ թուրքական կառավարութիւնից, եթէ այս քայլը ունենայ նաեւ քաղաքական արդիւնքներ եւս, աւելի լաւ: Անկեղծ կը լինեմ, նախքան երկրաշարժը մենք քաղաքական երկխօսութիւն ունէինք: Ես հաւատում եմ, որ այս մարդասիրական յարաբերութիւնները կարող են կոնկրետ քաղաքական որոշումների համար հնարաւորութիւններ ստեղծել»,- նշած է Փաշինեան: