image
Հրատապ լուրեր:

Եթէ փորձ ըլլայ բռնի ուժով ճանապարհներ բանալու մենք պիտի հակազդենք. Ամերիկացի պաշտօնատար

Եթէ փորձ ըլլայ բռնի ուժով ճանապարհներ բանալու մենք պիտի հակազդենք. Ամերիկացի պաշտօնատար

Միացեալ Նահանգները պատրաստ է ինչպէս աջակցելու Անդրկովկասով Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Թուրքիա առեւտրային ճանապարհ ստեղծելու փորձերուն, այնպէս ալ՝ արգելափակելու նման նախագիծերը Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ ուժ կիրառելու պարագային։

Այս մասին լրագրողներու հետ յատուկ հեռախօսային ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընը։

«Մենք կը տեսնենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու իրական հնարաւորութիւն: Եւ ատոր մէջ մենք կը տեսնենք նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի համար օգուտ քաղելու իրական հնարաւորութիւն։ Օրինակ, եթէ առեւտուրը կարողանայ Կենտրոնական Ասիայէն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքով անցնիլ Թուրքիա, ապա այդ էական խթան կը հանդիսանայ բոլոր այն երկիրներու համար, որոնք կը գտնուին այդ առեւտրային ճանապարհին։ Եւ մենք կ՚ողջունենք ատոր մէկ մասը ըլլալու հնարաւորութիւնը», -ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան:

Միեւնոյն ժամանակ դիւանագէտը նախազգուշացուցած է, որ «եթէ ատոր խաղաղ ճանապարհով չհասնելու որոշում կայացուի», ապա ամերիկեան իշխանութիւնները «ստիպուած պիտի ըլլան օգտագործել ամէն հնարաւոր գործիք՝ կանխելու նման տեսակի առեւտրային ճանապարհի ստեղծումը»։

Օ'Պրայընը աւելցուցած է, որ Ուաշինկթըն այժմ կը սպասէ Պաքուի եւ Երեւանի պատասխանին։

«Մենք շատ պարզ բացատրած ենք կողմերուն, թէ ինչ կ՚ակնկալենք տեսնել, ինչպէս նաեւ՝ ինչ հետեւանքներ կ՚ունենան հակադարձ գործողութիւնները: Այնպէս որ, տեսնենք՝ ինչ կ՚որոշեն կողմերը։ Մենք գիտենք, որ անոնք հետաքրքրութիւն յայտնած են խաղաղ համաձայնագիրը հնարաւորինս շուտ կնքելու հարցով, եւ մենք շատ կ՚ուզէինք այդ տեսնել»,-ըսած է արտաքին գործոց նախարարի օգնականը: