image

«Եթէ կարգավիճակ չստանանք, ուրեմն Եւրոպան մեզ կը խաբէ». Ուքրանիոյ ԱԳ նախարար

«Եթէ կարգավիճակ չստանանք, ուրեմն Եւրոպան մեզ կը խաբէ». Ուքրանիոյ  ԱԳ նախարար

Ուքրանիան կ'ակնկալէ ԵՄ անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստանալ 2022 թուականի ամրան: Մերժումը պիտի նշանակէ, որ Եւրոպան կը փորձէ խաբել Քիեւը:

Այս մասին ըսած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան:

«Եթէ մենք թեկնածուի կարգավիճակ չստանանք, այդ միայն պիտի նշանակէ, որ Եւրոպան կը փորձէ մեզ խաբել, եւ մենք չենք պատրաստուիր այդ կուլ տալու», ըսած է դիւանագէտը:

Անոր խօսքով, այսօր Ուքրանիան միակ վայրն է Եւրոպայի մէջ, ուր մարդիկ կը զոհուին այն արժէքներուն համար, որոնց վրայ հիմնուած է ԵՄ-ն: «Եւ ես կը կարծեմ, որ այդ պէտք է յարգել», յաւելած է Քուլեպան: