Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 11-ին աշխատանքային այցելով պիտի գտնուի Թուրքիոյ Հանրապետութիւն։
Վարչապետը Անթալիոյ մէջ պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրի կողմերու 31-րդ համաժողովի (COP31) շրջածիրէն ներս կայանալիք Առաջնորդներու գագաթաժողովին։
Այցելութեան շրջածիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ՝ արտասահմանեան գործընկերներու հետ։
Նշենք, որ Փաշինեան այս պահուն աշխատանքային այցու կը գտնուի Փարիզ, ուրկէ պիտի մեկնի Անթալիա։