Ուքրանիան կ'ակնկալէ ԵՄ անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստանալ 2022 թուականի ամրան: Մերժումը պիտի նշանակէ, որ Եւրոպան կը փորձէ խաբել Քիեւը:
Այս մասին ըսած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան:
«Եթէ մենք թեկնածուի կարգավիճակ չստանանք, այդ միայն պիտի նշանակէ, որ Եւրոպան կը փորձէ մեզ խաբել, եւ մենք չենք պատրաստուիր այդ կուլ տալու», ըսած է դիւանագէտը:
Անոր խօսքով, այսօր Ուքրանիան միակ վայրն է Եւրոպայի մէջ, ուր մարդիկ կը զոհուին այն արժէքներուն համար, որոնց վրայ հիմնուած է ԵՄ-ն: «Եւ ես կը կարծեմ, որ այդ պէտք է յարգել», յաւելած է Քուլեպան: