image

Երուսաղէմ. Պալեաններու ձեռագործ զարդանաշխերով սալիկները 100 տարեկան (Լուսանկարներ)

Երուսաղէմ. Պալեաններու ձեռագործ  զարդանաշխերով սալիկները 100 տարեկան (Լուսանկարներ)

 

 «Մենք Երուսաղէմի միակ աշխատանոցն ենք, որ կ'արտադրենք մեր սեփական խեցեգործական իրերը եւ սալիկները մեր պապերու ու ծնողներուն կողմէ մեզի փոխանցուած մեթոտներով»,- կ'ըսէ Պալեաններու մեծ  աւանդը շարունակող՝ Նշան  Պալեան: Ան որոշած է վառ պահել իր նախնիներու հայկական խեցեգործութեան արուեստը եւ շարունակել անոնց ձգած ժառանգութիւնը: 

 

 

Արեւմտահայերու երբեմնի օրրան ՝Քութահիա քաղաքէն, որ յայտնի էր իր խեցեգործութեամբ, սերած են հայ ընտանիքներ, որոնք զբաղած են այդ արուեստով: Պալեան ընտանիքի արմատներն ալ Քութահիայէն են: Յայտնի խեցեգործ՝ Նշան  Պալեան 1919-ին հրաւիրուած է Երուսաղէմ, որպէս մասնագէտ, այնտեղ աշխատանք ստանձնելու: 1922-ին, ան իր նկարիչ ընկերոջ`Մկրտիչ Քարաքաշեանին հետ Երուսաղէմի մէջ հիմնած է խեցեգործութեան աշխատանոց: 1965-ին, ընկերութիւնը բաժնուելով, Պալեանները կը շարունակեն աշխատանոցի գործը, որ մինչեւ այսօր կանգուն կը մնայ, իրենց թոռ՝ Նշան Պալեանի ղեկավարութեամբ:

«Արեւելք» Պալեաններու մասին կը կարդայ Balian Armenian ceramics կայքէն: 

Պալեաններու աշխատանոցը 1922-էն ի վեր կ'արտադրէ յատակի սալիկներ, որմնային սալիկներ, զարդանկարներով սալիկներ բոլորը ձեռքով նկարուած նախշերով: Աշխատանոցը բացի իր արտադրած բազմատեսակ սալիկներէն, որոնք հրապարակուած են իրենց կայքին մէջ, նաեւ պատուէրներով կը գծագրէ իւրայատուկ նախշերով սալիկներ: Աշխատանոցի աշխատակիցները մօտէն կը համագործակցին տան սեփականատէրերուն հետ, ներքին ձեւաւորումներ կատարող ճարտարապետներուն հետ հայթայթելու այնպիսի սալիկներ,իր ըլլան բաղնիքնեու, խոհանոցի կամ աւազաններու համար:  

Պալեաններու աշխատանոցը նաեւ ունի արդիական ոճով պատրաստուած սալիկներ: Անոնք թուայնացումով կրնան սալիկներուն վրայ նկարել որեւէ պատկերի նմոյշ ըստ պատուէրը պահանջողին ցանկութեան: Բոլոր սալիկները կը գործածուին թէ՛ յատակի եւ թէ՛ պատերու համար: Պալեան սալիկները   մշակուած են որոշ ջերմութեան մը տակ , անոնք կը տոկան բոլոր ներքին ու արտաքին միջավայրերու պայմաններուն: Իսկ շատ յատուկ պարագաներու, ինչպէս օրինակ սառնամանիքի, սալիկները կը մշակուին դիմանալու այդ պայմաններուն ալ: 

Ինչ կը վերաբերի որմնային սալիկներուն, անոնց տեսականին շատ մեծ է, գեղեցիկ զարդանաշխերով գծագրուած:  Աւազաններուն համար թէ երեսապատման եւ թէ եզրագիծերու համար գոյներով եւ զարդերով հարուստ տեսականի կայ:  

Բնակարաններու  ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ չկայ չափազանց փոքր կամ չափազանց մեծ, ներքին կամ արտաքին սալիկի նախագիծ: Տարբեր գոյներով եւ տարբեր նախշերով սալիկներու ձեւաւորումը  ընտրութեան  հարց է: Աշխատանոցին մէջ ձեռքով կը նկարեն  մեքսիքական սալիկներու նմուշներուն նման նախշեր, բայց շատ աւելի մանրակրկիտ ձեւով:

Պալեաններու հիմնած  աշխատանոցի տնօրէն-ղեկավարը ՝Նշան Պալեան, երկրաչափ  է ու  նաեւ խեցեգործ, զաւակն է Սեդրակի եւ նշանաւոր արուեստագիտուհի Մարի Պալեանի: Պալեաններու ձեռքի գործ զարդանաշխերով սալիկները համաշխարհային ճանաչում ունին:  «Մենք Երուսաղէմի միակ աշխատանոցն ենք, որ կ'արտադրենք մեր սեփական խեցեգործական իրերը եւ սալիկները մեր պապերու ու ծնողներուն կողմէ մեզի փոխանցուած մեթոտներով»,- կ'ըսէ Պալեաններու մեծ  աւանդը շարունակող՝ Նշան  Պալեան: Ան որոշած է վառ պահել իր նախնիներու հայկական խեցեգործութեան արուեստը եւ շարունակել անոնց ձգած ժառանգութիւնը: 

 

 

Պալեաններու  կայքը  այցելելու համար սեղմել ՝այստեղ։