image

Էրտողանի Հիմնական Մտահոգութիւնն Է Նոր Կառավարութիւն Կազմել Տալ G20 -ի Պոլսոյ Ժողովէն Առաջ

Էրտողանի   Հիմնական Մտահոգութիւնն Է Նոր Կառավարութիւն Կազմել Տալ    G20 -ի  Պոլսոյ Ժողովէն Առաջ

Թուրքիա- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)  Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի  հիմնական  մտահոգութիւնն է երկրին  նոր կառավարութիւն մը կազմել նախքան   G20-ի   Պոլսոյ մէջ կայացուելիք     նիստի թուականը: Այս մասին  տեղեկութիւնը փոխանցուած է  «Ալ Հայաթ»ին կողմէ, որ նաեւ կը յիշեցնէ, որ   G20-ի    Պոլսոյ  գագաթաժողովը պիտի   կայացուի   25 Նոյեմբերին :  Երէկ  Թուրքիոյ  ընտրութեանց ընդհանուր խորհուրդը շատ  հաւանական նկատած էր, որ յառաջիկայ     25 Հոկտեմբերին  կամ  առաւելագոյնը  1  Նոյեմբերին   երկրին մէջ  երեսփոխանական արտակարգ  ընտրութիւններ պիտի կայացուին: Աղբիւրը  նաեւ կը գրէ, որ իշխող  ԱԶԿ. -ին համար ( AKP)    այսօրուան դրութեամբ  հիմնական  մտահոգութիւն է լուծել  անվտանգութեան խնդիրը եւ   այդ առումով    ազգային անվտանգութեան խորհուրդը  յառաջիկայ   2  Սեպտեմբերին  արտակարգ նիստ մը  պիտի կայացնէ:   Թերթը նաեւ կը նշէ, որ «Տոլմապահչէ» պալատին մօտ   գրանցուած   զինեալ յարձակումէն ետք   Թուրքիոյ անվտանգութեան  մարմիններ ձերբակալած  են  40մեղադրեալներ ,  որոնք կը կարծուի թէ անդամ են  յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնած    «Ազգային  ազատագրութեան ճակատ» ձախակողմեան  կուսակցութեան: