image

Էրտողանէն ծանր մեղադրանքներ Իսրայէլի հասցէին

Էրտողանէն ծանր մեղադրանքներ Իսրայէլի հասցէին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութեան հետեւանքով Իսրայէլը պիտի բախի հիասթափութեան այնպէս, ինչպէս եղաւ Հայաստանի հետ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան ժամանակ։ Այս մասին յայտնած է haberchannel.com-ը:

«Տարիներ շարունակ մեր հողերու մասին երազանքներու ետեւէն իյնալէ ետք Հայաստանը ղարաբաղեան պատերազմի «դասը քաղեց» եւ «իր տեղն անցաւ», Իսրայէլը նոյնպէս պիտի հիասթափուի։ Քանի դեռ մենք՝ 85 միլիոն մարդ, միասնական ենք, ոչ ոք կրնայ մեզ կոտրել։ Հետեւաբար, մեզի համար զօրաւոր եւ ժամանակակից բանակը անհրաժեշտութիւն է»,-ըսած է ան խորհրդարանէն ներս իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» խմբակցութեան անդամներուն ուղղուած ելոյթի ժամանակ։

Էրտողան կրկին Իսրայէլն անուանած է ահաբեկչական պետութիւն, իսկ ՀԱՄԱՍ շարժումը՝ օրինական քաղաքական ուժ Կազայի հատուածին մէջ։

«Իսրայէլը զբաղուած է պետական ահաբեկչութեամբ։ Ես սա յստակ կ՚ըսեմ՝ Իսրայէլը ահաբեկչական պետութիւն է։ Դուք ՀԱՄԱՍ-ը կ՚անուանէք ահաբեկչական կազմակերպութիւն։ Բայց ՀԱՄԱՍ-ը քաղաքական կուսակցութիւն է, որ յաղթած է ընտրութիւններուն», -ըսած է ան։

Էրտողան աւելցուցած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աշխատիլ, որ «աշխարհը ճանչնայ Իսրայէլը որպէս ահաբեկչական պետութիւն»։