image

Էրտողան հրաժարեցաւ Արեւմուտքի տասը դեսպանները արտաքսելու իր անիմաստ սպառնալիքէն

Էրտողան հրաժարեցաւ Արեւմուտքի տասը դեսպանները արտաքսելու իր անիմաստ սպառնալիքէն

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան կրկին անիմաստ սպառնալիքներ հնչեցուց։ Ան պարծենալով յայտարարեց, որ պիտի արտաքսէ արեւմտեան տասը երկիրներու դեսպանները, որոնց շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու  դեսպանը՝ թուրք իրաւապաշտպան Քաւալան ազատ արձակելու պահանջով յայտարարութիւն հրապարակելնուն համար։ Վերջինս 2017էն ի վեր անօրինական կերպով բանտարկուած է, առանց որեւէ դատավճիռի։

Ահա՛ Էրտողանի զայրացկոտ խօսքերուն դարձդարձիկ նկարագիրը.

20 Հոկտեմբերին, Էրտողան կոշտ քննադատութեան ենթարկեց եւ սպառնաց արտաքսել օտար երկիրներու տասը դեսպաններ, որոնք 18 Հոկտեմբերին միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած էին՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ կառավարութեան, որ անյապաղ բանտէն ազատ արձակէ բարերար Օսման Քաւալան։ Տասը երկիրներն են՝ Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Քանատա, Դանիա, Ֆինլանտա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Նոր Զելանտա, Նորվեկիա եւ Շուէտ: Քաւալայի բանտարկութեան չորրորդ տարուան առիթով, դեսպանները քաջալերեցին Թուրքիան՝ գտնելու «արդար եւ արագ լուծում մը անոր դատին համար»: Անոնք զգուշացուցին, որ Քաւալայի շարունակուող կալանքը «ստուեր կը ձգէ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ թրքական դատական համակարգին մէջ թափանցիկութեան նկատմամբ յարգանքին վրայ»:

2017-ի սկզբնական ձերբակալութենէն ետք, 2020-ին, Քաւալա արդարացուեցաւ իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքներէն, սակայն նորէն կալանաւորուեցաւ անհիմն նոր մեղադրանքներով։ Թուրքիա անտեսեց Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի 2019-ի որոշումը, ըստ որուն, Քաւալան անյապաղ ազատ արձակելու կոչ կ՛ըլլար: Եւրոպական խորհուրդը նախազգուշացուցած է Թուրքիան, որ եթէ չկատարէ Եւրոպական Դատարանի որոշումը մինչեւ 30 Նոյեմբեր 2021, ապա կրնայ դադրեցնել Թուրքիոյ ձայնի իրաւունքը կամ նոյնիսկ անոր անդամակցութիւնը՝ Խորհուրդէն:

Էրտողան հակադարձեց այս դեսպաններուն՝ ըսելով. «Մի՞թէ ձեր իրաւասութեան շրջանակին մէջ կ՛իյնայ Թուրքիոյ այսպիսի դաս մը տալը։ Ովքե՞ր էք դուք։ Ես մեր արտաքին գործոց նախարարին ըսած եմ, որ չենք կրնար զիրենք հիւրընկալելու շքեղութիւնը ունենալ մեր երկրին մէջ»։ Էրտողան աւելցուց․ «Անոնք կը քնանան-կ՛արթննան՝ Քաւալա, Քաւալա կ՛ըսեն․․․: Քաւալա (Ճորճ) Սորոսի թրքական մասնաճիւղն է: Տասը դեսպաններ անոր համար կու գան արտաքին գործոց նախարարութիւն: Ինչպիսի՜ անամօթութիւն։ Ի՞նչ կը կարծէք, դուք ո՞ւր կը գտնուիք։ Այս Թուրքիա է, Թուրքիա՛։ Հոս այն չէ, ինչ որ դուք կը կարծէք՝ ցեղախմբային պետութիւն: Այս փառապանծ Թուրքիան է։ Կարելի չէ ոտքի ելլել եւ գալ արտաքին գործոց նախարարութիւն, հրահանգներ տալու համար։ Ես մեր արտաքին գործոց նախարարին տուած եմ անհրաժեշտ յանձնարարականներ։ Ես ըսած եմ անոր, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ: Օրինակ՝ ըսի. «Դուք անմիջապէս լուծեցէք հարցերը այս տասը դեսպաններուն հետ՝ զանոնք կոչելով Փերսոնա նոն կրաթա (անցանկալի անձ), որքան կարելի է արագ»։ Անոնք պէտք է ճանչնան Թուրքիան։ Այն օրը, որ չեն ճանչնար կամ չեն հասկնար Թուրքիան, կը լքեն երկիրը»։

Տասը դեսպաններու յայտարարութեան հրապարակումէն ետք, անոնք կանչուեցան Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւն։ Այնուհետեւ նախարարութենէն ըսին, որ «դեսպանները զգուշացուած են»։

Գլխաւոր հարցը այն է, որ Էրտողան  ինքզինք  ո՞վ  կը  կարծէ, որ պէտք է զգուշացնէ նշեալ երկիրներու դեսպանները: Այսպիսի սպառնալիքով Էրտողան պարզապէս մէկ «կնճիռ» եւս  կ՛աւելցնէ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ առկայ հարցերուն վրայ, այդ ալ նախօրէին՝ Հռոմի մէջ կայանալիք G20-ի խորհրդաժողովին, ուր եւ կը նախատեսուի երկու ղեկավարներու հանդիպումը։ Հակառակ նախագահ Տանըլտ Թրամփի, որ մեծ ջանքեր կը գործադրէր Էրտողանի փափաքները կատարելու համար, Պայտըն Թուրքիոյ նկատմամբ շատ աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրած է։ Զարմանալի չէ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը կը հաղորդէ, որ «Պայտընի վարչակազմը եղած է նամակին շարժիչ ուժը, որ համահունչ է մարդկային իրաւունքներու խախտումներու գծով պետութիւններ հրապարակայնօրէն քննադատելու նախագահի քաղաքականութեան»:

Նամակը ստորագրած տասը երկիրներէն եօթն ՆԱԹՕ-ի անդամ են, իսկ վեցը՝ Եւրոմիութեան։ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Տէյվիտ Սասոլի կոպիտ յայտարարութիւն մը տարածած է այս մասին՝ ըսելով. «Տասը դեսպաններուն վտարումը կը վկայէ, որ թրքական կառավարութիւնը կ՛առաջանայ բռնապետական ուղիէն։ Մեզ չէք վախցներ։ Ազատութի՛ւն՝ Օսման Քաւալայի»։

Սպառնալով արտաքսել տասը դեսպանները կը նշանակէ, որ Էրտողան կը դիմէ  ամբոխավարութեան  իր սովորական հնարքին, քանի որ անոր քաղաքական վարկանիշը կտրուկ վայրէջք արձանագրած է՝ վտանգի ենթարկելով  2023-ի իր վերընտրութիւնը: Ան կը նախընտրէ բարձրացնել իր ժողովրդականութիւնը՝ վնասելով Թուրքիոյ հեղինակութեան, ամբողջ աշխարհի մէջ: Ան յաճախ արհեստական արտաքին ճգնաժամեր կը ստեղծէ, հանրութեան ուշադրութիւնը ներքին ծանր պայմաններէն շեղելու համար: Միեւնոյն ատեն, թրքական տնտեսութիւնը հասած է յատակին՝ զանգուածային գործազրկութեան եւ աղքատութեան պատճառով: Թրքական լիրան 2003ին, Էրտողանի վարչապետ դառնալէն ետք, մէկ տոլարի դիմաց 1.3 լիրայէն իջած է մրցանշային նուազագոյնի` մօտաւորապէս 10 լիրա՝ մէկ տոլարի դիմաց:

Թէեւ Էրտողան ընդհանրապէս կը մերժէ լսել ոեւէ մէկուն խորհուրդը, սակայն այս հարցին մէջ ան վերջապէս ուշքի եկաւ՝ հասկնալով, որ չի կրնար առաջ անցնիլ իր արտաքսման սպառնալիքով։ Ան երկընտրանքի առջեւ էր։ Եթէ ջնջէր իր որոշումը, ուրեմն թոյլ պիտի տար դեսպաններուն, որ մնան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան պիտի կորսնցնէր իր վարկը թուրք հասարակութեան առջեւ։ Միւս կողմէ, եթէ շարունակէր հետապնդել արտաքսման իր հրամանը, ապա կրնար անդառնալի վնաս պատճառել Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ Արեւմուտքի հետ իր երկրի յարաբերութիւններուն։

21 Հոկտեմբերին, Էրտողան ըսած է, որ տասը դեսպանները ազատ պիտի չարձակէին իրենց երկիրներու «աւազակները, մարդասպանները եւ ահաբեկիչները»: Այսպիսով, Էրտողան Թուրքիոյ դատական համակարգին չմիջամտելու կոչ կ՛ուղղէր արեւմտեան երկիրներուն։ Մինչ մէկ կողմէ Էրտողան նման սադրիչ յայտարարութիւն կ՛ընէ, միւս կողմէ սակայն, ինք բազում անգամ ճնշում գործադրած է նախագահ Թրամփի վրայ՝ կարենալ ջնջելու համար թրքական Halkbankի դէմ բացուած քննութիւնը: Այս դրամատունը կը մեղադրուի դրամի լուացման եւ դաւադրութեան մէջ՝ օգնելով Իրանին, որ խուսափի Միացեալ Նահանգներու պատժական միջոցներէն։ Էրտողան կը փորձէր թաքցնել սեփական կապերը Halkbankի ծրագրին հետ։

Էրտողանի օգնականները բացատրած են իրեն՝ տասը դեսպաններու արտաքսման սպառնալիքի աղէտալի հետեւանքները։ Բնականաբար, այս տասը երկիրները վրէժխնդիր պիտի ըլլային՝ արտաքսելով Թուրքիոյ դեսպանները։ Այս միջադէպին հետեւանքով Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու մէջ լոյս տեսան զայրոյթով լեցուն քանի մը տասնեակ յօդուածներ, ուր կ՛ըսուէր, որ յոգնած են Թուրքիոյ թշնամական վերաբերումէն եւ անօրինական գործողութիւններէն։

Նոյն պատգամը  Թուրքիոյ յղուած է դիւանագիտական յատուկ  ճամբաներով։ Ի վերջոյ, փոխզիջման եզր մը գտնուած է, ճգնաժամը թուլցնելու համար։ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հետեւեալը գրած է թուիթըրի մէջ, 25 Հոկտեմբերին. «Ի պատասխան 18 Հոկտեմբերի յայտարարութեան մասին հարցումներուն, Միացեալ Նահանգներ կը նշէ, որ այդ յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ դիւանագիտականյարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համաձայնագրի 41րդ յօդուածին»: Այլ դեսպանատուներ, ինչպէս՝ Գանատայի, Նոր Զելանտայի եւ Հոլանտայի, տեղադրած են նմանատիպ հաղորդագրութիւններ։ Գերմանիա եւ Ֆրանսա կիսած են Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան թուիթը։ Վիեննայի համաձայնագրի 41-րդ յօդուածը կ՛արգիլէ դեսպաններուն միջամտել հիւրընկալող երկիրներու ներքին գործերուն:

Թրքական «Անաթոլու» լրատուական գործակալութիւնը ի պատասխան ասոր՝ դարձեալ թուիթըրի մէջ ուրախութեամբ գրած է. «Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը զիջած է» եւ աւելցուցած, որ Էրտողան ողջունած է Միացեալ Նահանգներու թուիթը։ Իսկ 25 Հոկտեմբերի կառավարութեան նիստէն ետք, Էրտողան կը յայտարարէ, որ դեսպանները հրաժարած են «մեր դատական համակարգի եւ մեր երկրին ուղղուած իրենց զրպարտութենէն»:

Միացեալ Նահանգներու ոեւէ պաշտօնեայ, որ որոշած է երկրորդ թուիթը ղրկել, որ պիտի մեկնաբանուի իբրեւ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտումները դատապարտելէ «հրաժարում», պէտք է որ անմիջապէս հեռացուի աշխատանքէն։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ հաղորդագրութիւն մը ուղարկել, ապա քանի մը օր ետք զայն մերժել եւ այսպէս ինքզինք հակասել։ Ի՞նչ պատահած է նախագահ Պայտընի քաղաքականութեան՝ հրապարակայնօրէն  քննադատելու  համար պետութիւններու մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն մասին: Միացեալ Նահանգներու Պետական բաժանմունքի խօսնակը հաղորդած է, որ իր երկրորդ թուիթը կը նպատակադրէր շեշտել, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին գործողութիւնները կը  համապատասխանեն Վիեննայի համաձայնագրին։

Եթէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չկատարէ իր խոստումը` պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները ամբողջ աշխարհի տարածքին, Էրտողան եւ  ուրիշներ  պիտի շարունակեն անպատիժ ոտնահարել իրենց ժողովուրդին հիմնական իրաւունքները: Այս առումով նահանջ եւ հակասական պատգամներ պէտք չէ ըլլան։ Այժմ Էրտողանի վրայ ճնշում գործադրելը Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին գործն է։ 

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...