image

Երկրաշարժ Հայաստանի մէջ. Կան նիւթական վնասներ

Երկրաշարժ Հայաստանի մէջ. Կան նիւթական վնասներ

Օգոստոս 12-ին, տեղական ժամանակով ժամը 02:02-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը 22:02-ին) ՀՀ ՆԳՆ երկրաշարժի պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժական ցանցին կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40․20⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 45.22⁰ աշխարհագրական չափագրումներով՝ Հայաստան՝ Մարտունի քաղաքէն 9 քմ հիւսիս-արեւմուտք, օճախի 10 քմ խորութեամբ 4.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:

Կեդրոնական գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 5-6 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Գեղարքունիքի մարզի մէջ՝ 5 աստիճան, Կոտայքի մարզի մէջ՝ 4 աստիճան եւ Երեւան քաղաքի մէջ՝ 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ։ 

 

Ճաքեր՝ դպրոցի ու այլ շինութիւններու պատերուն. Ինչ վնասներ հասցուցած է երկրաշարժը՝ Երանոս շրջանին մէջ

Ես քիչ առաջ վերադարձած եմ Երանոս գիւղէն, երկրաշարժի հետեւանքով փլուզումներ չկան, միայն ճաքեր առաջացած են:

Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի համայնքի ղեկավար Յովհաննէս Հովէյեանը:

«Ճաքերն առաջացել են ե՛ւ սեփական շինութիւնների, եւ համայնքային նշանակութեան շինութիւնների վրայ, այդ թւում նաեւ դպրոցի»,-ըսած է Հովէյեանը:

Ան նշած է, որ յանձնաժողովը տեղւոյն մէջ կ՚ուսումնասիրէ եւ կ՚արձանագրէ կրած վնասները: