image

Այնճար. Երախտիքի հաւաք գիւղին մէջ ծառայող բժիշկներուն

Այնճար. Երախտիքի հաւաք գիւղին մէջ ծառայող բժիշկներուն

Օրերս կազմակերպութեամբ Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) «Աղթամար» մասնաճիւղին տեղի ունեցած է երախտիքի հաւաք ուղղուած հայկական գիւղին մէջ ծառայող բժիշկներուն։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հաւաքին մասին հրապարակուած լուրը՝ 

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու դարմանատան յանձնախումբը, Կաղանդի նախօրեակին ուրախացուցին բոլոր այն բժիշկները որոնք օգտակար կը հանդիսանան մեր հայրենակիցներուն, դարմանատան ընձեռած ծառայութիւններուն ընդմէջէն։

Արդ` ընկերուհիները իրենց ճարտար 

ձեռքերով, պատրաստեցին չիրեր, ապա գեղեցիկ յարդարանքով զանոնք նուիրեցին բժիշկներուն, այցելելով անոնց դարմանատուներն ու բնակարանները։ Առիթ եղաւ նաև Այնճարցիներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնելու անոնց` իրենց կատարած օժանդակութիւններուն համար։

Բժիշկները իրենց կարգին կատարեցին բարեմաղթութիւններ և դրուատեցին միութեանս գործունէութիւը եւ իրենց հանդէպ կատարուած յարգանքը։