image

Երեւանի մէջ «ԼԿՊԹ» համայնքի նոր գրասենեակ բացուած է. ներկայ եղած է Քրիսթինէ Գրիգորեանը

Երեւանի մէջ «ԼԿՊԹ»  համայնքի նոր գրասենեակ բացուած է. ներկայ եղած է Քրիսթինէ Գրիգորեանը

«Իրաւունքի կողմ» իրաւապաշտպան ՀԿ-ն Երեւանի մէջ նոր գրասենեակ բացած է «ԼԿՊԹ» համայնքի համար։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ Շուէտի դեսպանատունը։

Ըստ հաղորդագրութեան` գրասենեակն ապահով տարածք պիտի ըլլայ նշուած համայնքի ներկայացուցիչներու համար։

«Այժմ «ԼԿՊԹ»  համայնքը, անոնց ընտանիքի անդամները եւ համայնքի աջակիցները հնարաւորութիւն ունին ստանալու իրաւաբանական եւ հոգեբանական խորհրդատւութիւն եւ աջակցութիւն»,- նշած է դեսպանութիւնը։

Գրասենեակի բացման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Շուէտի դեսպան Փաթրիք Սվենսըն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիսթինէ Գրիգորեանը` ի նշան նախաձեռնութեան աջակցութեան։

Միջոցառման ներկայ եղած է նաեւ թրանսկենտըր (սեռափոխուած) Լիլիթ Մարտիրոսեանը, որ 2019-ի 5 ապրիլին ելոյթ ունեցաւ ԱԺ-ի մէջ, որ մեծ աղմուկ բարձրացուց։ Մարտիրոսեանը «Իրաւունքի կողմ» ՀԿ-ի ներկայացուցիչ է։